ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին դարձեալ ազդարարեց Թուրքիոյ, թէ պէտք է անյապաղ դրական որոշում մը տայ Կիպրոսի հետ սահմանները բանալու պահանջին, ազդարարելով, թէ ձգձգումները աւելի եւս պիտի ուշացնեն Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը:
Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի իշխանութիւնները կը փորձեն Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը գտնել այս հարցով, առաջարկելով վերցնել Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի Ֆամակուսթա նաւահանգիստին դէմ շրջափակումը, եթէ Թուրքիա Կիպրոսի վերադարձնէ լքուած Վարոշա քաղաքը, սակայն Թուրքիա ցարդ կը մերժէ այս առաջարկը:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոզէ Մանուէլ Պարոսօ եւս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացը կրնայ մօտաւորապէս 20 տարի տեւել:
«Մենք մտահոգուած ենք, որ Թուրքիա չի շտապեր բարեփոխումներ իրականացնել», նշեց ան: Անոր վկայութեամբ, Պրիւքսէլի հիասթափեցուցած է այն փաստը, որ Անգարա չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները յատկապէս արտայայտուելու ազատութեան ապահովման եւ բանակը քաղաքային վերահսկողութեան տակ դնելու հարցերով:
Իբրեւ արդիւնք, Եւրոյանձնաժողովը եզրակացուցած է, որ Թուրքիա 2025 թուականէն առաջ չի կրնար Եւրոպական միութեան անդամակցիլ: