ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ «բաց չթողնել հակամարտութեան լուծման գործում առաջընթացի հասնելու հնարաւորութիւնը»: Այս մասին նշուած է Եւրոմիութեան անունով կատարուած յայտարարութեան մէջ, որ Պրիւքսէլի մէջ ԵԱՀԿի նախարարական հանդիպման ընթացքին ընթերցած է Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքի Տուոմիոյեա:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է, որ «Եւրոմիութիւնը պաշտպանում է ԵԱՀԿի Մինսքի խմբի համանախագահների կողմից ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով գործադրուող ջանքերը: Եւրոմիութիւնը պաշտպանում է հակամարտութեան լուծմանն ուղղուած աշխոյժ երկխօսութիւնն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ»: