Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունեց Ապահովութեան ու պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան եւ ընդհանուր արտաքին ու ապահովութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկոյցները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի Պրիւքսէլի լրագրողին՝ զեկոյցները կը դատապարտէին Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Արցախի վրայ:
Նշեալ զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ ուղղուեցաւ Եւրոպական Միութեան՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են զինադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար:
Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ՝ կասեցնելու ելեկտրականութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, եւ՝ նկատի ունենալով վերջին իրադարձութիւններնը եւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբերգական իրավիճակը՝ դադրեցնելու նոր գործընկերութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ: