Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը կ՛ուզէ ամբողջապէս օգտուիլ դրացի Թուրքիոյ հետ բարելաւուող քաղաքական մթնոլորտէն` կարգաւորելու երկկողմ յարաբերութիւնները` հակառակ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող վէճերուն:
Յունաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիա «Էապէս փոխած է» իր դիրքորոշումը երկու երկիրներուն միջեւ հիմնական վէճերուն վերաբերեալ: Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան միանալ ձգտելու Անգարայի ջանքերը չեն կրնար բռնագրաւեալ Կիպրոսի հարցի հաշուոյն ըլլալ։
Միցոթաքիս ըսաւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Յուլիսին, Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի վեհաժողովի ընթացքին համաձայնած է նախաձեռնել նոր «հաղորդակցութեան ուղիներ» եւ պահպանել «հանգստութեան շրջան» մը:
Կ՛ակնկալուի, որ այս տարուան վերջաւորութեան, երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները տեղի ունենան Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ: