Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրա շեշտեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման փաստը՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ վերադառնալու մինչեւ 12 Սեպտեմբեր 2022ի սահմանները:
Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու համախմբումը հաղորդեց, որ նախարարը այս մասին յայտնեց՝ իբրեւ պատասխան խորհրդարանական քանի մը խմբակցութիւններու՝ Տաւոսի մէջ Հոլանտայի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման վերաբերեալ հարցումներուն:
Ան դիտել տուաւ, որ Յունուարին, Տաւոսի մէջ, վարչապետ Ռիւտէի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը նախաձեռնած էր հոլանտական կողմը՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով մտահոգութիւնները փոխանցելու նպատակով. անոր ընթացքին, Հոլանտայի վարչապետը ընգծեց, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք չէ քաղաքական իրավիճակի զոհ դառնայ եւ կարեւոր նկատեց Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը՝ ի կատարումն 2020ի եռակողմանի համաձայնութեան:
Հուքսթրա տեղեկացուց, որ Հոլանտա Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի շրջանակներուն մէջ եւս աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման նպատակով՝ նշելով, նաեւ, որ Ատրպէյճան վատ կերպով կը կատարէ ՄԻԵԴի վճիռները:
Խորհրդարանականներու հարցումներուն պատասխանելով՝ ան հաստատեց, որ Ատրպէյճան Ռուսիայէն կազ կը ներարկէ Եւրոպական Միութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու համար եւ ընդգծեց, որ այդ հարցը պիտի արծարծուի Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ: