ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Յունուար 19ին տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, ուր կը դրուատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը արծարծելու հարցին մէջ Տինքի ցուցաբերած քաջութիւնը, յատկապէս որովհետեւ ան այդ քայլին կը դիմէր երկրի մը մէջ, որ կը փորձէ իր ոճրային անցեալը ծածուկ պահել իր իսկ քաղաքացիներէն եւ կը շարունակէ ուրացման քաղաքականութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ կը նկարագրուի, թէ Մալաթիա ծնած Տինքի ընտանիքը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած շատ մը այլ հայերու նման, պարտադրուած է իր մականունը փոխելու եւ ապա Պոլիս փոխադրուելու, ուր ան ութ տարի առաջ կը հիմնէ «Ակօս» թերթը, իր գլխաւոր նպատակը դարձնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, իրականութիւնները թուրք ժողովուրդին ներկայացնելով: Տինք միաժամանակ յոյսեր ունէր Թուրքիոյ իշխանութեանց մակերեսային բարեկարգումներու նկատմամբ, որոնց իսկական տարողութիւնը բացայայտուեցաւ իր սպանութեամբ:
Տինք նեցուկ կը կանգնէր Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու աշխատանքին, յուսալով այդ ճամբով ապահովել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, միաժամանակ պնդելով, թէ այս նպատակով բանեցուած արտաքին ճնշումները կրնան աւելի եւս զօրացնել Թուրքիոյ ծայրայեղականները:
Տինք յուսախաբուեցաւ իր դէմ գտնելով թրքական պետութեան մէջ արմատականացած ուժեր եւ լրջօրէն քննեց Թուրքիայէն հեռանալու եւ Եւրոպա հաստատուելու կարելիութիւնը: Ան միաժամանակ շարունակեց Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ դրական պատկեր մը ներկայացնել, այն յոյսով, որ գաղափարներ պիտի կարենան փոփոխութեան ենթարկել ազգայնամոլ պետութեան հիմքերը: Ան իր այս հաւատքին զոհը գնաց եւ ցաւալի է, որ անոր սպանութիւնը մեկուսացուած դէպք մը չէ, եւ փոքրամասնութիւնները կը մնան հալածուած խաւ մը:
Փոքրամասնութեան հանդէպ ատելութեան սերմանումը նոյն սկզբունքն էր, որ հայութեան բնաջնջումին առաջնորդեց եւ կը շարունակէ առաջ մղել ուրացման քաղաքականութիւնը: