ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հինգշաբթի օր իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ Թուրքիոյ կապակցութեամբ հրապարակած տեղեկագրին մասին, դիտել տալով, որ անոր մէջ կը պակսի բանակցութիւններու քաղաքական տարողութիւնը:
Յանձնաժողովը իր տեղեկագրին մէջ կ’ըսէր, թէ «Թուրքիա կը շարունակէ ընդառաջել Քոփենհակընի քաղաքական չափանիշներուն» եւ թէ «2006ին Թուրքիա շարունակած է ընթանալ բարեկարգումներու ուղիով», թէեւ՝ «դանդաղ կշռոյթով»:
Գալով հայկական հարցերուն, տեղեկագիրին մէջ ոչ մէկ նշում կայ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ այդ ուղղութեամբ մղած արշաւին մասին՝ թէ՛ իր հողամասերէն ներս եւ թէ արտասահմանի, յատկապէս Եւրոպական միութեան մէջ: Նախապէս հրապարակուած տեղեկագիրներու մէջ ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուէր «ողբերգական դէպքեր» մեղմաբանութեամբ, սակայն այս նոր տեղեկագրին մէջ նոյնիսկ այդ մէկը կը պակսի:
Խօսքի ազատութեան կապակցութեամբ, նշուած է Թուրքիոյ պատժական օրէնքի միայն 301րդ յօդուածը: Յանձնաժողովի տեղեկագիրը ոչ մէկ խօսք ունի ըսելիք թրքական բազմաթիւ այլ օրէնքներու տրամադրութիւններու մասին, որոնք կ’առնչուին խօսքի ազատութեան սահմանափակումին, յատկապէս 305րդ յօդուածի պարագան, որ պատժելի յանցանք կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը հաստատող որեւէ արտայայտութիւն:
Վերջապէս, Հայաստանի ապօրինի շրջափակումը կը նկարագրուի իբրեւ «փակուած սահմաններ»:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան յայտարարեց, թէ կը մնայ խորապէս մտահոգ՝ տեղեկագրի այս տրամադրութիւններուն կապակցութեամբ: «Յանձնաժողովի տեղեկագիրը, յատկապէս երբ չ’արծարծեր Թուրքիոյ կողմէ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, լուրջ ետդարձ է եւրոպական կառոյցներու հաւաստիութեան առումով, յատկապէս երբ կը քննադատէ Ֆրանսան Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի արարք դարձնող օրինագիծին համար», յայտարարեց Չոպոյեան:
Հիլտա Չոպոյեան յայտարարեց նաեւ, որ Եւրոպայի քաղաքացիները յանձնաժողովէն կ’ակնկալեն, որ Թուրքիոյ կապակցութեամբ գործէ պարկեշտ մօտեցումով, առանց կքելու թրքական ճնշումներուն տակ: «Այլապէս,- շարունակեց ան,- եւրոպական հանրային կարծիքը պիտի դառնայ Եւրոպական յանձնաժողովի կրկնակի չափանիշներու գործելակերպին դէմ»:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ դատապարտեց թուրք ղեկավարներու ամբարտաւանութիւնը, երբ անոնք կը փորձեն եւրոպական արժէքներէն հեռացնել եւրոպացի ղեկավարները: «Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին բանակցութիւնները փոխակերպուած են մրցանքի մը, թէ կողմերէն ո՞րը պիտի կարենայ հեռանալ եւրոպական արժէքներէն», եզրափակեց Չոպոյեան: