ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարշաւիոյ մէջ աւարտած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի 2 ըմբիշներ՝ 50 քիլոկրամ ծանրութեամբ Պօղոս Ասլանեանը եւ 54 քիլոկրամ ծանրութեամբ Գէորգ Գէորգեան նուաճած են պրոնզէ մետալներ:
Հայաստանի եւս մէկ մարզիկ՝ Գէորգ Սահակեանը, գրաւած է 5րդ դիրքը: