ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունիս 18ին հաղորդուեցաւ, թէ մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային խաղաղապահ ուժին պատկանող ռազմական օդանաւերու ռմբակոծման զոհ գացած են եօթը պատանիներ, ինչպէս նաեւ «Քայիտա»ի անդամ քանի մը զինեալներ: Արեւելեան Աֆղանիստանի մէջ գտնուող ռմբակոծուած համալիրը կրօնական վարժարան մը եւ մզկիթ մը ունէր իր սահմաններէն ներս:
Միւս կողմէ, ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ մայրաքաղաք Քապուլի մէջ ձերբակալած է կասկածելի մը, որ հաւանաբար կապ ունի մէկ օր առաջ տեղի ունեցած պայթումի մը, որու զոհ գացած էին 35 հոգի, մեծամասնութեամբ ոստիկանական դպրոցի մը ուսանողներ:
Նաեւ, ՆԱԹՕի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ծանր բախումներու ընթացքին սպաննուած են քանի մը տասնեակ թալեպաններ, ինչպէս նաեւ հոլանտացի զինուոր մը: