
Արցախի ճգնաժամային կացութեան կը շարունակեն անդրադառնալ զանազան երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ՝ կոչ ուղղելով բանալ կեանքի ճամբան:
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին ուղղուած իր հաշուետուութեան մէջ արձանագրեց, որ 23 Յունուարին գումարուած Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց խորհուրդի նիստին Հոլանտան եւ շարք մը այլ Եւրոպական Միութեան երկիրներ մտահոգութիւն յայտնեցին Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակին նկատմամբ՝ նշելով, որ 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է ատրպէյճանցի ինքնահռչակ «բնապահպաններ»ուն կողմէ:
Ըստ Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան՝ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Լաչինի միջանցքը Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միակ ուղին է:
Հոլանտայի կառավարութիւնը կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել՝ մղելու Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները հանդէս գալու Ատրպէյճանին ուղղուած միացեալ կոչով՝ 2020ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Լաչինի միջանցքը բանալու պահանջով, ինչպէս նաեւ կ՛ուսումնասիրէ, թէ եւրոպական շրջանակներու մէջ ազդեցութեան ի՛նչ այլ կարելիութիւններ կան՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յորդորելու Լաչինի միջանցքը բանալու:
Հոլանտա նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան եւ կ՛ուսումնասիրէ վերջինիս իր ներդրումը ունենալու հնարաւորութիւնները:
Նոյն օրը Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ քննարկում տեղի ունեցաւ Լաչինի միջանցքի փակման հարցով. պատգամաւոր Ռուփա Հաք պաշտօնական Լոնտոնին կոչ ուղղեց՝ ճնշում գործադրելու թէ՛ Լաչինի միջանցքի վերաբացման, եւ թէ հայ ռազմագերիներու արտադատական սպանութիւններու միջազգային անկախ հետաքննութեան ուղղութեամբ:
Եւրոպայի հարցերու պետական նախարար Լէօ Տոքերթի իբրեւ պատասխան, յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ հանդիպած է եւ խօսած Լաչինի միջանցքը վերաբանալու հրատապ անհրաժեշտութեան մասին:
«Մենք կը ձգտինք վերադառնալ բանակցութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ես խօսած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի հետ 18 Յունուարին՝ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ: 1 Փետրուարին հանդիպում ունեցայ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ եւ շեշտեցի Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու հրատապ անհրաժեշտութիւնը», յայտարարեց Տոքերթի:
Ասոնց զուգահեռ, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Աւստրալիոյ Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը եւ Նոր Հարաւային Ուելզի Տիեզերական ժողովը նամակով դիմեցին Դաշնակցային կառավարութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի բնիկ հայերուն դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն նկատմամբ:
Նշուեցաւ, որ բաց նամակին հեղինակները Աւստրալիոյ կառավարութեան լռութիւնը անուանեցին «խլացուցիչ եւ անընդունելի»:
«Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ պաշտպանութեան ուժերը աշխոյժ կերպով կ՛աջակցին Ուքրանիոյ, նուազագոյնը, որուն յոյս կրնանք ունենալ մենք՝ իբրեւ աւստրալացիներ, Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններն են՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) բնիկ հայ ժողովուրդին, իբրեւ աջակցութիւն խաղաղ բնակչութեան՝ տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու անմարդկային եւ անօրինական շրջափակումը դադրեցնելու: Հիմա է ժամանակը հրապարակային գործողութիւններու՝ իբրեւ պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին», կ՛ըսուի նամակին մէջ:
Իսկ Նոր Հարաւային Ուելզի Տիեզերական ժողովի նամակին մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Այս անխիղճ մարտավարութիւնը՝ ծպտուած բնապահպան ցուցարարները, կ՛ազդարարեն, որ շրջափակումը համակարգուած յարձակում է Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ բնակչութեան համար անդառնալի մարդասիրական հետեւանքներ ստեղծելու նպատակով, Արցախի հայերուն համար կեանքը անտանելի դարձնելու յստակ մտադրութեամբ՝ հասնելու ցեղային զտումներու՝ իրենց գրեթէ չքօղարկուած նպատակին»: