Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահները զինադադարի խախտում արձանագրեցին Մարտունի շրջանին մէջ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Տուժածներ չկան: Դէպքին գծով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ համատեղ քննութիւն կը կատարէ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։