ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Հայ Դատի Յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը (PAC) Յունիս 1ին ընդունելութիւն մը կազմակերպեց՝ առ ի զօրակցութիւն քոնկրէսական Պրատ Շըրմընի (Դ., Քալիֆորնիա, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի շրջան) ընտրապայքարին:
Ձեռնարկը հիւրընկալեց Հայ Դատի Յանձնախումբի երկարամեայ գործիչներէն Նշան Պոսթանեան, իր բնակարանին մէջ, Կրանատա Հիլզ:
Ներկայ էին Յանձնախումբի անդամներ, բարեկամներ եւ զօրակցողներ, որոնք գործնականօրէն սատար հանդիսացան Շըրմընի յառաջիկայ ընտրապայքարին:
Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առնելով, քոնկրէսական Շըրմըն ըսաւ, թէ ինք յանձնառու կը մնայ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումին: Ան աւելցուց, թէ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի տրուելիք օժանդակութեան բարձրացումին, եւ մանաւանդ՝ ի նպաստ Կովկասի մէջ ամերիկեան արդար քաղաքականութեան մը: Այս ծիրէն ներս, ան դրուատեց Յանձնախումբին թափած ճիգերը: