Կիրակի, 3 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, ինչպէս նաեւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց՝ իր խօսքին մէջ վեր առնելով քրիստոնէական սկզբունքներու վերակենսաւորման կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ եւ ազգի հաւաքական ապրումներուն մէջ:
Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութիւնը, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 10րդ կարգի աշակերտները եւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Յետ արարողութեան, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախատօնակի Սիրոյ սեղանին՝ The Gates ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Մարուշա Արթանի եւ ներկայութեամբ աւելի քան 170 հայորդիներու, որոնց շարքին էին ազգային բարերարներ, շրջանի պատկան եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ:
![](https://media.asbarez.am/wp-content/uploads/2023/12/08134559/1208Encino-Xmas2.jpg)
![](https://media.asbarez.am/wp-content/uploads/2023/12/08134602/1208Encino-Xmas3.jpg)
Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ ներկաները, ապա Հոգաբարձութեան անունով շնորհաւորեց ներկաներուն եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անդամներուն Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով, որ 2024ը ըլլայ խաղաղութեան տարի՝ համայն մարդկութեան եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռք:
Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Նենսի Պէտիրեանի շնորհակալական ջերմ խօսքերէն ետք, հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը, որ դրուատիքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ մարդուժի միասնական գործունէութեան, բարձր գնահատեց գործօն իւրաքանչիւր անդամի բերած նպաստը՝ շրջանի հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներու եւ ազգային կեանքի բարեզարդման աշխատանքներուն, ապա, այս առիթով, Ազգային առաջնորդարանին անունով խորհրդանշական գումարի մը խոստումը կատարեց՝ մաղթելով յաջողութիւն Սան Ֆերնանտօ հովիտի ծաղկող համայնքի ազգաշէն ծրագիրներուն:
Այնուհետեւ, ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հովիւին եւ Հոգաբարձութեան անունով օրուան հիւրընկալ Մարուշա Արթան ստացաւ յատուկ յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ բարեզարդման համար իր կատարած 10,000 տոլար նուիրատուութեան:
Հուսկ, ընտանեկան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք, մինչ սրահը լեցուեցաւ՝ բոլոր կողմերէն հնչող տօնական օրերու անկեղծ ու սիրալիր մաղթանքներով:
![](https://media.asbarez.am/wp-content/uploads/2023/12/08134654/1208Encino-Xmas4-1024x683.jpg)