Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկման եւ փոխարինման որոշումը արդարօրէն մտահոգութիւն եւ յուզում առաջացուց հայկական շրջանակներու մէջ. երկրի մը մօտ իր ներկայացուցիչին փոխոխութիւնը ճիշդ է, որ տուեալ պետութեան իրաւունքն է, սակայն երբ որոշումը կը տրուի քաղաքական ծուռ հաշիւներով եւ պատմական իրականութեան ներհակ մօտեցումով, բնական է, որ այդ որոշումը դուրս կու գայ զուտ դիւանագիտական-վարչական դասաւորումի իր պարունակէն ու առիթ կը դառնայ դժգոհութեան, ընդվզումի, քաղաքական-դիւանագիտական հակազդեցութեան եւ բողոքի արտայայտութիւններու։
Այս տողերուն նպատակը չէ մտնել ծանօթ եղելոյթին ծալքերուն մէջ, ոչ ալ գնահատանքը կատարել Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնած համապատասխան քայլերուն (նամակարշաւ, բողոքագիր եւայլն)։ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատող Էւընզի արտայայտութիւնները, պատմական նոյն իրականութեանց դիմաց կոյր ձեւանալու դեսպանութեան թեկնածու Հոկլընտի կեցուածքները ծանօթ են բոլորիս։ Իբրեւ իրաւատէրներ՝ մենք իրաւունք ունինք դժգոհելու պատահածէն, բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ պահանջելու, որ ամերիկեան կառավարութիւնը իր քաղաքականութեան հիմունքները հաստատէ արդարութեան ու մանաւանդ պատմական իրականութիւններու վրայ։ Եւ արդէն բուն հարցն ալ հոն է. այսինքն, Էւընզի պաշտօնազրկումն ու Ցեղասպանութեան դրժումի Հոկլընտի կեցուածքը կը բխին նոյնինքն Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը անտեսելու Ուաշինկթընի կեցուածքէն, որ նորութիւն չէ, չ՚առնչուիր այս կամ այն վարչամեքենային (քարթըրեան միջամտութիւնները չենք մոռցած), այլ մէկ արտայայտութիւնն է տասնամեակներու ուղեգիծի մը, որ երբեմն անհատ նախագահներու կամ նախագահութեան թեկնածուներու բերնով յարած է արդարութեան, սակայն պետական քաղաքականութեան մէջ չէ ամրագրուած։
Նման վարքագիծ անշուշտ որ արդար ընդվզումի ու անկէ բխող նո՛յնքան արդար պահանջատիրական աշխատանքի շարժառիթ է։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ պետական քաղաքականութիւնները անփոփոխելի չեն, ու այսօր մերժումի դիմաց գտնուողը, անկարելի թուացողը՝ վաղը կրնայ դառնալ ընդունելի եւ բարեփոխուած քաղաքականութեան մը հիմնական մէկ գիծը։
Եւ որպէսզի այս տողերը չմնան տեսականի սահմաններուն մէջ, խօսինք օրինակով մը, առանց արհամարհելու այն ճշմարտութիւնը, թէ՝ տրուած օրինակը անպայման կրկնելի չէ ուրիշի համար, այլ անդրադառնալու՝ որ պահանջատիրութեան կենսագործումը մեզ կը դնէ հետեւողական ու աննահանջ աշխատանքի դէմ յանդիման, մեզի իրաւունքը կու տայ գործածելու պայքարի բոլոր կարելի ընտրանքները։
Ի մտի ունինք պարագան դիւանագէտի մը, որ կը կոչուէր Էնտրրու Եանկ. նախագահ Ճիմի Քարթըր, որ եղաւ Եգիպտոս-Իսրայէլ (Սատաթ-Պեկին) հաշտութեան կնքահայրը, 1977ին ՄԱԿի մօտ դեսպան նշանակեց 45ամեայ Եանկը, որ հազիւ երկու տարի ետք հրաժարեցաւ դիւանագիտական մեծ փոթորիկի մը պատճառով. այդ օրերուն, Ուաշինկթըն Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութիւնն (ՊԱԿ) ու անոր երբեմնի ղեկավար Եասէր Արաֆաթը կը դասէր ահաբեկիչներու ցանկին վրայ։ Դեսպան Եանկ »մեծ յանցանք« մը գործած էր. ան անտեսած էր իր պետութեան ամրագրուած քաղաքականութիւնը եւ գաղտնօրէն բանակցութիւններ վարած էր ՊԱԿի ներկայացուցիչներու հետ։ Անոր այս ընթացքը բացայայտուեցաւ, Եանկ՝ անձամբ, իր նախագահն ու անոր Դեմոկրատ կուսակցութիւնը սաստիկ քննադատութիւններու ենթարկուեցան, ու հակառակ Եանկի ի նպաստ Քարթըրի պաշտպանողականին, ի վերջոյ դեսպանը հարկադրուեցաւ հրաժարելու։
Անցան տարիներ. Եանկի դիւանագիտական ասպարէզը փոխարինուեցաւ քաղաքականով. ան 1981ին ընտրուեցաւ Աթլանթայի կառավարիչ. ան մինչեւ օրս ալ գործօն է միջազգային դաշտին մէջ ու խորհրդատուական աշխատանք կը կատարէ ափրիկեան երկիրներու եւ քարայիպեան շրջանին մէջ աշխատող գործարար մարդոց։
Վերադառնալով ուշ 70ական տարիներու փոթորիկին, անոր պատճառով շատ մելան հոսեցաւ ու ահագին յուզում առաջացաւ. ըսուեցաւ, որ Եանկ իր պաշտօնը կորսնցուցած էր ինքնագլուխ քայլերու հետեւանքով, որովհետեւ հաւատացած էր, որ արդարութիւն պիտի ըլլայ պաղեստինեան կողմին հետ ուղղակի կապ հաստատելն ու խաղաղութեան ծրագիրներ մշակելը, թէեւ իր պետութիւնը չէր համոզուած այդ ընտրանքին։ Ըսուեցաւ նաեւ, որ Եանկ նման քայլ առած պիտի չըլլար, եթէ նոյնքան գաղտնի կերպով »կանաչ լոյս« ստացած չըլլար Սպիտակ տունէն ու արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Տակաւին, երկար-բարակ մեկնաբանութիւններ կատարուեցան, թէ Եանկի փորձարկումը խորքին մէջ »մթնոլորտ քննելու« արարք էր Ուաշինկթընի կողմէ, ու եթէ անոր ջանքերը արդիւնաւորուէին, եղածը գայթակղութիւն պիտի չսեպուէր, այլ ամերիկեան պետութիւնը այդ օրերուն պիտի յաջողէր ՊԱԿն ու Արաֆաթը ներգրաւել Քէմփ Տէյվիտով սկսած գործընթացին մէջ։
Պատմութեան այդ էջերուն վերադարձը եւ մանրամասնութեանց պեղումը, տարբեր մեկնաբանութեանց ցանկագրումն ու »եթէ այս ըլլար՝ յետոյ այդ պիտի ըլլար« ըսելը մեզ կրնայ հեռուները տանիլ։ Այսուհանդերձ, յիշեալ իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւած զարգացումները այսօր նոյնքան բացայայտ են. 70ականներուն, Արաֆաթն ու անոր ՊԱԿը ակաբեկիչ որակող Ուաշինկթըն, տարիներ ետք, վերականգնեց (խորքին մէջ շարունակեց) Միջին Արեւելքի մէջ գաղտնի դիւանագիտութեան այն ոճը, որ կապուեցաւ Եանկի անուան, ինչ որ զինք, նոյնինքն Արաֆաթի ՊԱԿն ու Ռապինի Իսրայէլը հասցուց Օսլոյի համաձայնագիրին (իսկ թէ Օսլոն այլապէս ի՞նչ բանի սկիզբ եղաւ ու ինչպիսի՞ ելեւէջներու առաջնորդեց, նմանապէս այլ ոլորտ է ու արժանի՝ քննարկումի ու մեկնաբանութիւններու. այդպէս ալ կ՚ըլլայ արդէն)։
Այլ խօսքով, Ուաշինկթըն առանց երկար սպասելու, հազիւ 12-13 տարի ետք, հիմնական փոփոխութեան ենթարկեց իր վարքագիծը, Եասէր Արաֆաթ ու ՊԱԿ ոչ միայն դուրս եկան ահաբեկիչներու ցուցակէն, այլ դարձան խաղաղութեան ճամբու գործընկերներ…։ Այս շրջադարձութեան մէջ, պաղեստինեան դիմադրութեան պայքարն ու հետեւողականութիւնը ունեցան ազդու դեր (թէեւ ոչ միակ գործօնը, որովհետեւ 1977-79 տարիներու աշխարհը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած էր 1993ին, Օսլոյի օրերուն, իսկ անկէ ետք, »կամուրջին տակէն դարձեալ շատ ջուր հոսած է«), բաժին ունեցան ամերիկեան քաղաքակնութեան մէջ արձանագրուած շրջադարձութեան մէջ։
Ասիկա չի նշանակեր, թէ պաղեստինեան օրինակը (կամ այլ նախընթացներ) անպայման կիրարկելի է ու բնօրինակ պիտի ծառայէ մեր արդար դատին կենսագործման համար, ոչ ալ կը նշանակէ, թէ կ՚ուզենք իտէալականացնել Եանկ կոչուած »արկածախնդիր« դիւանագէտը։ Ասիկա կը նշանակէ սակայն, որ քաղաքական կեանքի մէջ այսօր մերժուածն ու հաշուի չառնուողը վաղը պիտի մնայ նոյն կացութեան մէջ։ Ասիկա տակաւին կը նշանակէ, որ հետեւողական պայքարն ու մանաւանդ արդարութեան վրայ հիմնուած բազմաճիւղ աշխատանքը, արտաքին տուեալներու յարմար դասաւորումին հետ զուգորդուելով, ուշ կամ կանուխ կը հասցնէ սպասուած արդիւնքին։ Այլ խօսքով, մեր աշատանքին ու պայքարին նպատակը պիտի ըլլայ յաջողութեամբ պսակել Էւընզի խիզախ ու արդար քայլերով մարմնաւորուած ուղեգիծը՝ ճանաչում ապահովելով մեր արդար տեսակէտներուն ու պահանջներուն։
Իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը միայն կարեւոր քայլ մըն է մեր համապարփակ իրաւունքներուն (հողային եւ յարակից բոլոր պահանջներուն) կենսագործման ճամբուն վրայ…