Հրէական ADL կազմակերպութեան Նիւ Ինկլընտի շրջանային տնօրէն Էնտրու Թարսի վերահաստատուեցաւ իր պաշտօնին, հաղորդեց «Էյ.Փի.» գործակալութիւնը երէկ, իսկ այլ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը իսրայէլեան իշխանութիւններէն պահանջեց ճնշում բանեցնել ADL-ի վրայ ու փոխել տալ անոր որոշումը:
Մէկ շաբաթ առաջ, Թարսի կազմակերպութեան կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ հեռացուած էր իր պաշտօնէն, երբ Պոսթընի մէջ հրապարակաւ յայտարարած էր, թէ ADL-ի Նիւ Ինկլընտի կառոյցը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Թարսի իր պաշտօնին վերադարձաւ ADL-ի ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսմանի հետ հեռաձայնային խօսակցութենէ ետք, Երկուշաբթի օր: Նոյն օրը, Ֆոքսման «Պոսթըն կլոպ» թերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ ինք եւ Թարսի ուղիղ եւ բաց կապի մէջ են իրարու հետ եւ «մեր խօսակցութիւններէն ետք, ես որոշեցի զինք վերընդունիլ եւ նախկին պաշտօնին վերահաստատել: Եւ ուրախ եմ, որ ան վերստանձնած է իր պաշտօնը»:
ADL-ի կեդրոնական վարչութիւնը միաձայնութեամբ պահանջած էր Ֆոքսմանէն, որ Թարսին վերընդունի: Վերջինը իր կարգին ըսաւ, թէ ուրախ է իր վերադարձով եւ աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ ADL-ը շատ կարեւոր որոշում մը տուած է, դիմագրաւելով բարոյական հարց մը եւ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՊԱՀԱՆՉԵՑ ՓՈԽԵԼ ՏԱԼ ADL-Ի ՈՐՈՇՈՒՄԸ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ աւագ դեսպան Նամըք Թան, որ հրէական ADL կազմակերպութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումէն ետք արձակուրդը կիսատ ձգելով Թէլ Աւիւ վերադարձած էր, Իսրայէլի կառավարութենէն պահանջած է, որ անմիջապէս ետդարձ կատարուի այս որոշումին մէջ։ Ան «Ճերուզալէմ փոսթ» թերթին մէջ ըսաւ, որ բացայայտ իրողութիւն է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները ազդեցութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու հրէական կազմակերպութիւններու վրայ ու Իսրայէլ, եթէ ուզէ, կրնայ հրէական կազմակերպութեան պարտադրել, որ հրաժարի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումէն։
Թան աւեցուց. «Եթէ թուրք ժողովուրդը սիրտէն վիրաւորել կ՚ուզէք, հարցը այս է ահաւասիկ, այս հարցով կրնաք ընել այդ բանը», ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Թան պատմած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըրի կապուած դէպք մը։ Քիսինճըր անգամ մը ըսած էր, որ «նախ ամերիկացի էր, յետոյ պետական քարտուղար եւ ապա հրեայ էր»։ Անոր այս խօսքին պատասխանելով Իսրայէլի այդ օրերու վարչապետ Կոլտա Մէյիր ըսած էր. «Գիտէք, որ մենք հրէական այբուբենը ձախէն դէպի աջ կը կարդանք…»։
Դեսպան Թան այս օրինակը տալով յիշեցուց, որ Իսրայէլ զանազան նիւթերու մէջ իր կամքը պարտադրած է աշխարհի հրէական կազմակերպութիւններուն ու այս անգամ եւս թուրք ժողովուրդը նոյն կեցուածքը կ’ակնկալէ: