Աւելի քան տարի մը առաջ ինքնաշարժի արկածով մահացած 21ամեայ Էտուին Իսաղուլեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով, անոր ծնողքին ջանքերով, Օգոստոս 8 2007ին, Շուշիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Էտուին Իսաղուլեանի անուան արուեստանոցին, որ մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ Շուշիի «Դանիէլ Ղազարեան» երաժշտանոցին:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն, Պարսկաստանէն, Աւստրալիայէն ժամանած ընտանեկան պարագաներ, ազգականներ եւ ընկերներ:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հովիւն ու Շուշիի «Դանիէլ Ղազարեան» երաժշտանոցի տնօրէն Կարէն Ղարիպեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով Էտուինի ծնողքին՝ Սիտնի եւ Փէկի Իսաղուլեաններուն, այս օգտաշատ նախաձեռնութեան համար: Էտուինի ծնողքը Օգոստոս ամիսը յատկապէս ընտրած էր, որպէսզի այդ թուականը զուգադիպի Էտուինի ծննդեան թուականին՝ 24 Օգոստոս 1985ին, իրենց զաւկին յիշատակը յաւերժացնելու համար:
Նկարին մէջ, արուեստանոցին բացման արարողութենէն տեսարան մը: