ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նէճմէտտին Էրպաքան, որ երկար տարիներ ներկայ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի գաղափարակից եղած է, Երկուշաբթի, Յունիս 18ին Էրտողանի հասցէին ուղղեց իր ամենածանր քննադատութիւնները:
Գոնիայի մէջ տեղի ունեցած իր Երջանկութիւն կուսակցութեան թեկնածուներու ի նպաստ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին, Էրպաքան ըսաւ. «Կ՚ըսեն, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Երջանկութիւն կուսակցութեան կը նմանի։ Կը նմանէին նախապէս, բայց ո՛չ ներկայիս։ Անո՛նք եւս ազգային տեսակէտի պաշտպան էին, բայց հիմա անոնք իրենց շապիկները հանեցին։ Երբեք ընդունելի չեն անոնց արարքները։ Նամազը մզկիթին մէջ կը կատարուի, ոչ թէ հրէական աղօթատեղիի մէջ»:
Էրպաքան յայտնեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանին Թուրքիա գտնուեցաւ բաժան-բաժան ըլլալու վտանգին դէմ։
«Ուստի, Յուլիս 22ի ընտրութիւնները Չանաքքալէի պատերազմէն աւելի կարեւոր են։ Չանաքքալէի պատերազմի ընթացքին թշնամիները դուռնէն վտարեցինք, իսկ ներկայիս, շնորհիւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, անոնք ծխնելոյզէն դարձեալ մեր դիմաց ելան։ Այդ պատճառով Յուլիս 22ին պիտի տանք պատմութեան ամէնէն մեծ վճիռը», ըսաւ Էրպաքան։