ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Սանտէյ թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու խորհրդական Էկեմէն Պաղըշ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կոչ ըրած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ շօշափելի քայլերու դիմելու:
Ակնարկելով հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական բանակի կատարելիք հաւանական զինուորական գործողութեան մը՝ Պաղըշ յայտնած է. «Կը յուսանք, որ պիտի չստիպուինք այդ քայլին դիմելու: Կը յուսանք, որ մեր դաշնակիցները պիտի սկսին բան մը ընել, բայց եթէ չընեն, բազմաթիւ ընտրանքներ չունինք: Մեր դաշնակիցները պէտք է այս սպառնալիքին դէմ մեզի օգնեն, կեցուածք մը, ինչ որ յստակ չէ ներկայիս: Եթէ դաշնակից մը քեզի չ՚օգներ, կա՛մ անոր ուղղամտութիւնը հարցականի տակ կ՚առնես, կամ ալ՝ կարողութիւնը»:
Պաղըշ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է գնահատականը կատարէ այն իրողութեան, թէ Թուրքիա պատրաստ է Իրաք մուտք գործել, նոյնիսկ եթէ այդպիսի քայլ մը զինք բախում ունենալու ընթացքի մէջ կը դնէ Ուաշինկթընի հետ, որ նախանձախնդիր է Իրաքի քրտական շրջանի կայունութեան պահպանման: «Ոչ իսկ երկվայրկեան մը պիտի չերկմտինք եւ ոչ ալ ոեւէ մէկուն արտօնութիւնը պիտի խնդրենք», ըսաւ Պաղըշ:
Ուաշինկթըն Անգարայի իշխանութեանց յստակ դարձուցած է, թէ որեւէ զինուորական գործողութիւն անընդունելի է:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու վարած արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը կը գտնուի իր ամէնէն ցած մակարդակին վրայ: Պաղըշ նշեց, որ «մեր դաշնակիցներուն կ՚ըսենք, թէ իրենց պատկերը անկում կ՚արձանագրէ: Միացեալ Նահանգներ Ատլանտեանը կտրեցին՝ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար, սակայն ՆԱԹՕի իրենց դաշնակից Թուրքիոյ չեն արտօներ, որ նոյն պատճառով իր սահմանէն անդին անցնի: Ինչպիսի՞ բարեկամութիւն է ասիկա: Թշնամինե՛րը այսպէս կը վարուին»:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Պաղըշ նաեւ աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը կրնայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլը յայտարարել իբրեւ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու: «Ան հոյակապ նախագահ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Պաղըշ: