ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լիբանանէն վերադաձած Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Յունուար 4ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըրաւ կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք ամէնէն առաջ կը վերաբերէին նախագահական ընտրութիւններուն։ Էրտողան կրկնեց, որ ցարդ թեկնածու չէ նախագահի պաշտօնին, հակառակ ուրիշներու ենթադրութիւններուն:
«Մենք քանիցս ըսինք, որ մեր կուսակցութիւնը Ապրիլ ամիսէն առաջ պիտի չհրապարակէ իր թեկնածուն», ըսաւ ան:
Լրագրողներուն համար երկրորդ կարեւոր կէտն էր Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի կախաղան հանուելէն ետք Էրտողանի ըրած այն յայտարարութիւնը, թէ Իրաքի հարցը առաջնահերթ հարց դարձած էր, Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին կողքին։ Վարչապետը ըսաւ, թէ այս յայտարարութիւնը սխալ պէտք չէ հասկնալ եւ Եւրոմիութեան անդամակութեան հարցը բնաւ իր կարեւորութիւնը չէ կորսնցուցած Թուրքիոյ համար, սակայն բացայայտ իրողութիւն է, որ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները դանդաղեցուցած է: «Ուրեմն հոն աճապարանք մը չկայ այլեւս, թէեւ Թուրքիոյ իրաւասու պատասխանատուները այդ հարցի մէջ պիտի շարունակեն շփումներ ունենալ», ըսաւ ան։
Գալով Իրաքի հարցին, Էրտողան դիտել տուաւ, որ Իրաքը իսկապէս այլեւս առաջնահերթ խնդիր դարձած է Թուրքիոյ համար եւ Թուրքիա չի կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ կացութիւնը սկսած է Թուրքիան անհանգստացնել։
«Ամերիկացիներու հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք ըսինք, ու մէկմէկ ներկայացուցիչ նշանակեցինք, բայց այդ ալ ապարդիւն մնաց», ըսաւ ան, ակնարկելով հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականներուն դէմ պայքարելու համար տարուած աշխատանքներուն: