«Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ, երբ Թուրքիա պատրաստ կ՛ըլլայ դուրս գալու սուրիական բոլոր հողերէն, ահաբեկչութեան աջակցութիւնը դադրեցնէ եւ կացութիւնը Սուրիոյ մէջ վերադառնայ պատերազմէն առաջ տիրող իրավիճակին», ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ ունեցաւ հարզազրոյց մը, որուն ընթացքին յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, որ աւելցուց՝ ըսելով. «Վստահութիւն ունինք ռուսական կողմին վրայ, որ հաղորդակցութիւնները դիւրացնելու միջնորդի դեր կը կատարէ, սակայն ռուսական քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներու ծիրին մէջ, որոնք են` միջազգային օրէնքի հանդէպ յարգանքը, պետութիւններու գերիշխանութեան յարգանքը, ահաբեկչութեան մերժումը, սուրիական հողերու ամբողջականութեան պահպանումը, իր հողերուն վրայ սուրիական պետութեան գերիշխանութիւն եւ ոչ-օրինական օտար ուժերու սուրիական հողերէն հեռացումը»:
Ասատ ըսաւ, որ ինք կը կարծէ, թէ Համաշխարհային Գ. պատերազմը ընթացքի մէջ է, սակայն ձեւը տարբեր է։ «Նախապէս համաշխարհային պատերազմները աւանդական պատերազմներ էին, կարգ մը երկիրներու բանակներ կը կռուին կարգ մը այլ պետութիւններու դէմ: Հիմա այդ կացութիւնը կայ, սակայն արդիական զէնքերու, մասնաւորաբար հիւլէական զէնքին պատճառով, նաեւ աւանդական պատերազմը կանխարգիլող ուժ կայ: Այդ պատճառով ալ պատերազմները դէպի անուղղակի պատերազմ կ՛ուղղուին: (Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր) Զելենսքին այսօր Արեւմուտքին փոխարէն պատերազմ կը մղէ, անշուշտ նացիներէ կազմուած իր բանակով: Ահաբեկիչները նոյն բանը կ՛ընեն. անոնք Սուրիոյ մէջ եւ այլուր Արեւմուտքին փոխարէն կը գործեն»:
Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու թիւը աւելցնելու կարելիութեան վերաբերող հարցումի մը` ան ըսաւ. «Ռազմակայաններուն հարցը պէտք չէ կապ ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետ. ահաբեկչութեան դէմ պայքարը հիմա կայ, սակայն ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, եւ որեւէ պետութեան մէջ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կարելի չէ ժամանակաւոր բանի մը վրայ հիմնել: Մենք միջազգային հաւասարակշռութեան մասին կը խօսինք: Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը աշխարհի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ կարեւորութիւն ունի: Կը կարծենք, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ներկայութեան ընդլայնումը լաւ բան մըն է, որ կը ծառայէ այդ գաղափարին… եւ եթէ այլ շրջաններու այլ պետութիւններու մէջ այդ ընդլայնումը նոյն նպատակին ծառայէ, այո՛, կ՛ըսենք, որ անիկա ապագային կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ», յայտնեց Ասատ:
ԱՍԱՏ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԹՈՒՐՔ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ասատ Քրեմլինի մէջ քննարկեցին երկու երկիրներու զինուորական համագործակցութեան հարցերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ ըսելով«Արդիւնքներու մասին, հասկնալի պատճառներով, հրապարակաւ չի հաղորդուիր»:
Ըստ Փեսքով՝ Փութինի եւ Ասատի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն:
Փեսքով՝աւելցուց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն հաւանական է ռուս-սուրիական տնտեսական համագործակցութեան զարգացման գծով «շատ կարեւոր համաձայնագիրի մը կնքումը»:
Փութինի եւ Ասատի բանակցութիւնները տեւեցին երեք ժամ:
Միւս կողմէ, թրքական պետական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»ին յայտնեցին, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով նախատեսուած քառակողմ ժողովը յետաձգուած է:
Ըստ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին՝ քառակողմ ժողովը յետաձգուած է «թեքնիք պատճառներով. հանդիպումի նոր թուականը առայժմ յայտնի չէ»: