ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախագահական պալատին մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ այլ շփումներ եւս ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Դռնփակ տեսակցութենէն ետք թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին նախագահին հետ զրոյցի բովանդակութեան մասին։