
ՌՈՒՍԻԱ ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ազդարարեց, որ Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները «մօտիկ ապագային» կրնան ընդարձակուիլ:
«Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան ցամաքային ուժերու մասնակցութեան վերաբերեալ քննարկումներ պիտի կատարենք», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
«Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախատեսուող գործողութեան մը մասնակցելու համար պէտք եղող ցամաքային ուժերու թիւի գնահատում եւ անոր շուրջ խորհրդակցութիւն կը կատարէ», աւելցուց ան:
«Հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ներկայութիւն եղող պետութիւններու հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու մէջ ենք եւ անոնց հիմամբ մեր քայլը պիտի կատարենք», ըսաւ Էրտողան:
Իր կարգին, Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ըրաւ Անգարայի իշխանութիւններուն, յոյս յայտելով, որ Թուրքիա կ՛անսայ ցամաքային յարձակումի մը չդիմելու գծով Մոսկուայի խրատներուն։
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Անգարայի նորագոյն յարձակումներուն թիրախն են Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցող քրտական ուժերը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ 3 անձեր, ներառեալ մանուկ մը մահացած են, երբ Սուրիոյ հետ սահմանակից շրջանին մէջ գտնուող Քարքամիշի վրայ հրթիռներ ինկան: «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը կը հաղորդէ, որ շրջանին մէջ ինկած են 2 հրթիռներ, որոնցմէ մէկը՝ դպրոցի մը վրայ: