Հինգշաբթի, 27 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի 60րդ առցանց լսարանը: Դասախօսն էր արուեստաբան, «Ազդակ»ի մշակութային բաժինի աշխատակից դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Դասախօսութեան նիւթն էր՝ «Այվասովսքի եւ թրքական չարաշահումները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դոկտ. Հերկելեան կատարեց արժեւորումը Այվազովսքիի արուեստին, ապա խօսեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան վերաբերող որդեգրումի փորձերուն մասին: Ան յատուկ կերպով կեդրոնացաւ ծովանկարիչին լոյսին տուած կարեւորութեան, որ ըստ էութեան, ներշնչուած է հայոց պատմական փիլիսոփայութենէն եւ կ՛երկարի մինչեւ պաշտամունքային ակունքները:
Այվասովսքիի հանճարեղ արուեստին մասին հետաքրքրական նորութիւններ եւ տեղեկութիւններ տալէ ետք, դոկտ. Հերկելեան որոշ դասակարգումներով ցուցադրեց Այվազովսքիի գործերը` իւրաքանչիւրին մասին տալով արուեստագիտական ծանօթութիւններ:
Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնները ներկայանցող այս դասախօսութեան առնչակից էր նաեւ քաղաքական բաժին մը, ուր մանրամասն տուեալներու հիման վրայ դասախօսը ներկայացուց թրքական չարաշահումները, յատկապէս` Այվազովսքիի արուեստի հայկական պատկանելիութիւնը շեղելու առումով:
Մասնագիտական դասախօսութեան հետեւեցաւ լսարանին մասնակցողներուն կողմէ արժեւորումի առումով տեսակէտներու փոխանցում եւ այդ ճամբով հետաքրքրական քննարկում: