Հայ դպրոցի առաքելութեան ու դերին մասին պերճախօս արժեւորում ու արտայայտութիւն էր այն հանդիսութիւնը, որ պատրաստուած էր հայ աշակերտներու կողմէ, որոնք գործնապէս ցոյց տուին, թէ իրենք այդ առաքելութիւնը ինչպէս կը մարմնաւորեն ու կը կենսաւորեն։
Նման պերճախօս արտայայտութիւն մը եղաւ Արեւմտեանր թեմի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան հաւաք-հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերի առաւօտուն, «Ֆերահեան» ազգ. երկրորդական վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նուիրուած՝ Հայ Դպրոցի տարուան։ Հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենար՝ մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի հայրապետական այն կոդակէն, որ 2006 տարին կը հռչակէր Հայ Դպրոցի տարի։
Հանդիսութիւնը կը վայելէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ ծնողներ։ Տօնակատարութեան կազմակերպումը յանձն առած էր Խնամակալ մարմինն ու անոր հովանիին տակ այս առիթով կազմուած յատուկ յանձնախումբ մը, սակայն ամբողջ յայտագիրը պարաստուած էր ու ղեկավարուեցաւ աշակերտներու կողմէ։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ ժամը 10։30ին, «Ֆերահեան»ի աշակերտներէն՝ Թենի Իսախանեանի կողմէ արտասանուած աշակերտական ուխտով։ Բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց «Մեսրոպեան» ազգ. վարժարանի աշակերտներէն Արազ Հարպոյեան։ Սրտի ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան եւ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Աւօ Քէշիշեան։ Անոնք նշեցին, որ սոյն հանդիսութեամբ, Ազգային վարժարաններու աշակերտները կ՚ընդառաջեն վեհափառ հայրապետի կոնդակին, տօնակատարելով Հայ Դպրոցի տարին, ինչպէս նաեւ վեր առին Հայ Դպրոցի դերն ու առաքելութիւնը՝ հայութեան կեանքին ու հայ նորահաս սերունդներու կազմաւորման մէջ։
Աշակերտութեան անունով ուղերձ արտասանեց «Մեսրոպեան» ազգ. վարժարանի աշակերտներէն Սեւանայ Տիմիճեան։ Ան գեղեցիկ պատկերով մը բնութագրեց հայ դպրոցն ու անոր կենսունակութիւնը, նշեց, թէ հայ դպրոցը կը նմանի փիւնիկի։
Պաշտօնական խօսքի բաժիններուն կողքին, պատրաստուած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: «Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին պարային երեք պատկերներ, «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի աշակերտները խմբային արտասանութիւններով ներկայացուցին հայ դպրոցին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, «Արի Կիրակոս Մինասեան» ազգ. վարժարանի աշակերտները խմբային արտասանութեամբ ու պատանեկան թատերակով մը արտայայտեցին հայ լեզուին ու հայ ոգիին իրենց հաւատարմութիւնը, իսկ «Շամլեան» ազգ. վարժարանի աշակերտական երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ երգերով։
Յայտագիրը ունէր նաեւ յատուկ հիւր մը՝ հայրենի երգիչ Արմէն Մովսիսեանը, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի եւ ընդառաջած էր քանի մը երգով յայտագիրը ճոխացնելու հրաւէրին։
ԱՌԱՉՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ու իր պատգամը տուաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց ու բարձր գնահատեց աշակերտներուն ու կազմակերպիչ յանձնախումբին տարած աշխատանքը, որ գնահատուած է բոլորին կողմէ:
Սրբազանը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ այս հանդիսութեամբ, իրենք գործնապէս ընդառաջած կ՚ըլլան կոչին վեհափառ հայրապետին, որուն հետ իրենք տարի մը առաջ հանդիպումի պատմական առիթ մը ունեցան ու անոր եւս հրամցուցին գեղեցիկ յայտագիր մը, ցոյց տալով, թէ Հայ Դպրոցը ինչ կու տայ հայ աշակերտին։
Ընդգծելով հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը, սրբազանը ըսաւ. «Հայ դպրոցը բոլորիս համար երկրորդ տուն է ու երկրորդ հայրենիք, որովհետեւ հոն կը գտնենք մեր ընտանեկան յարկերուն ջերմութիւնն ու գուրգուրանքը, նաեւ ոգեղէն կամուրջ մը մեր հայրենիքին, մեր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեանց ու աւանդներուն հետ։ Բանաստեղծներ ու իմաստուն մարդիկ հայ դպրոցը նմանցուցած են լուսատու ջահի, միտք ու հոգի առաջնորդող փարոսի։ Այս քանի մը բառերը իրենց մէջ կը խտացնեն հայ դպրոցին իմաստն ու իւրայատկութիւնը, այսինքն՝ տարբերութիւնները ուրիշ, օտար դպրոցներէն, որովհետեւ, սիրելիներ, միայն հայ դպրոցն է, որ ձեզի կը սորվեցնէ մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակութային արժէքներուն կը ծանօթացնէ ձեզ։ Ձեր այսօրուան հանդէսը արդէն գործնական փաստ մըն է այս իրականութեան։
«Ճիշդ է, որ այսօրուան հանդիսութիւնը հայ դպրոցին նուիրուած այս տարուան վերջին պաշտօնական տօնակատարութիւնն է, սակայն այս ոգին ու պատգամը վերջ պիտի չգտնեն 2006 տարուան հետ, որովհետեւ, ըսեմ ձեզի, վեհափառ հայրապետը 2007 տարին նուիրած է Հայ Լեզուին։ Հայ լեզուն, հայ մշակոյթը անբաժանելի արժէքներ են ու մաս կը կազմեն Հայ Դպրոց գաղափարին։ Ուրեմն, մեր դպրոցներուն համար յառաջիկայ տարին պիտի ըլլայ ուղղակի շարունակութիւնը այսօրուան տօնակատարութեան ու անոր խորհուրդին, ու մենք միասնաբար պիտի շարունակենք ապրիլ մեր դպրոցներու հայաշունչ մթնոլորտին մէջ։ Եւ ինչպէս ըրինք 2006 տարուան ընթացքին, եկէք, յառաջիկայ տարի եւս միասնաբար, այսպիսի գեղեցիկ գործակցութեամբ տօնակատարենք Հայ Լեզուի Տարին։ Ձեր դպրոցներուն մէջ, առանձնաբար, կամ այսպիսի միացեալ տօնակատարութեամբ, աշակերտ եւ ուսուցիչ, տնօրէններ ու ծնողներ գործակցինք մեր լեզուի արժէքը պանծացնող հանդիսութիւններ կազմակերպելու մէջ»։
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով, որ քանի մը շաբաթէն քրիստոնեայ աշխարհը պիտի տօնէ Ամանորն ու Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, հետեւաբար, ան բարիք մաղթեց բոլորին ու թելադրեց, որ տօնական այդ օրերը բոլորին սիրտերը լեցնեն սիրով ու հաճութեամբ։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով, զոր կատարեց «Շամլեան» ազգ. վարժարանի երգչախումբը։