ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան միշտ եղած է եւ կը մնայ Լիբանանի կողքին, իբրեւ իսկական բարեկամ: Երկու երկիրները իրենց երկարամեայ սերտ յարաբերութիւնները ամրապնդած են միշտ իրարու աջակից ըլլալու պատրաստակամութեամբ, յայտարարեց Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժպրայիլ Ժէարա:
Լիբանանի անկախութեան օրուան (Նոյեմբեր 22ին) նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 21ին, Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային կապերու հայկական ընկերութեան Հայ-լիբանանեան ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, ողջոյնի խօսք ուղղեց դեսպանը:
Լիբանանի ազգային տօնի նշումը Հայաստանի մէջ այդ բարեկամութեան վառ ապացոյցներէն է, ինչպէս նաեւ վերջերս պետական մակարդակով Սպենդիարեանի անուան օփերայի դահլիճին մէջ կազմակերպուած «Քեզի համար, Լիբանան» թեմայով համերգը: Եթէ աշխարհի բոլոր պետութիւնները նման յարաբերութիւններ ունենային, ապա մենք դրախտին մէջ կ’ըլլայինք, աւելցուց դեսպանը:
Հայ-լիբանանեան ընկերութեան նախագահ, երաժշտահան Վ. Բալեանի խօսքերով, չորրորդ տարին ըլլալով, Լիբանանի ազգային տօնի նախօրեակին Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի ընդունելութիւն՝ դեսպանի մասնակցութեամբ: «Մենք նպատակ ունենք հաւաստիացնելու մեր բազմաթիւ հայրենակիցների Ցեղասպանութիւնից յետոյ ապաստան տուած Լիբանանի ժողովրդին, որ նրա կողքին ենք», նշեց Վ. Բալեան եւ աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը իր բարեկամները երբեք չէ մոռցած: