ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային ապահովութեան ռազմավարական վերամշակուած հայեցակարգը Դեկտեմբեր 15ին միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ այս աշխատանքը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի եզրափակիչ նիստին: Ինչպէս նշեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, հայեցակարգը պիտի ներկայացուի նախագահի հաստատման, այնուհետեւ՝ կառավարութեան, եւ կը նախատեսուի, որ կառավարութեան կողմէ հաստատուի Դեկտեմբերի վերջին օրերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.