Փետրուար 1-3, Իրլանտայի Քորք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը՝ երկու հոգիով, Ովսաննա Աթանէսեան (Անգլիայէն) եւ Յովնաթան Շփանկըրպըրկ (Գերմանիա):
Նիստերու գլխաւոր օրակարգն էր կազմակերպութեան յառաջիկայ տարեշրջանի քաղաքական ուղեգիծը՝ «Տեղաշարժուող մարդիկ» ընդհանուր բնաբանով:
Ժողովին զուգընթաց, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միութեան Եւրոպայի յանձնաժողովի նիստերուն, ուր զեկուցեց Հայաստանի մասին, ծանրանալով ԱԺի յառաջիկայ ընտրութիւններուն վրայ: Շփանկըրպըրկ ընդգծեց, որ «մեր կուսակցութեան գլխաւոր խնդիրներից մէկն այն է, որ ժողովուրդը քուէարկի արժէքների ու քաղաքական ծրագրերին եւ ոչ թէ կարճաժամկէտ շահերին»:
Խորհուրդի ժողովին եւս ելոյթ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցերով, միաժամանակ պահանջելով, որ յատուկ բանաձեւ որդեգրուի Տինքի սպանութեան հարցով ու այդ ձեւով ալ՝ պատգամ մը յղուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Այս ելոյթէն ետք, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան առաջադրած բանաձեւը դրուեցաւ քուէարկութեան, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ:
Խորհուրդի նախորդ՝ 2004ի ժողովին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը մը որդեգրուած էր:
Տինքի հարցով որդեգրուած բանաձեւը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրին նկատմամբ, ջնջէ պատժական օրէնքի 301րդ յօդուածը եւ յարգէ փոքրամասնութիւններու եւ խօսքի ազատութիւնները:
Պաշտօնական նիստերէն անկախ, Հ.Յ.Դ. պատուիրակները բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան զանազան երկիրներու երիտասարդական միութիւններու պատուիրակութիւններու հետ:
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից միութիւն է, եւ անոր կ’անդամակցին 143 միութիւններ՝ 100 երկիրներէ: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է: