Ամերիկացի լրագրողուհի Լինզի Սնել, որ կը լուսաբանէ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հակամարտութիւնները, X ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեղադրած է հետեւեալ պատգամը. «Ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներ «լուրեր» կը տարածեն, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան Ջերմուկէն կը պատրաստուին մօտալուտ յարձակման Ատրպէյճանի վրայ՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի զէնքի վաճառքը եւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը։ Մենք ասոր ականատես եղանք անցեալին եւս. այնուհետեւ, Ատրպէյճան պիտի պնդէ, որ հայերը խախտեցին զինադարը՝ այդպիսով հիմքերը դնելով իր նոր յարձակումին եւ ներխուժման»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.