ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու բարձրաստիճան սպայ մը Կիրակի, Փետրուար 11ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին միջազգային լրատու գործակալութիւններու յայտնեց, որ Իրան արդիական ականներ կը տրամադրէ Իրաքի մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն։
Ան բացատրեց, որ Յունիս 2004էն մինչեւ անցեալ շաբաթ, աւելի քան 170 ամերիկացի զինուորներ զոհ գացած են այս ականներու, որոնք կարողութիւնը ունին կործանելու նոյնիսկ հրասայլեր։
Նոյն աղբիւրը յայտնեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու փորձագէտները կը կարծեն, թէ այդ արդիական ականները կը պատրաստուին Իրանի մէջ, եւ կը մաքսանենգուին Իրաք։
Իրան կը գործէ փոխանորդներու միջոցով, եւ այդ փոխանորդները շիի ղեկավար սէյիտ Մոքթատա Սատրի ենթակայ «Մեհտիի բանակ»ի տարրերն են, ըսաւ ան։
Ամերիկացի սպան նաեւ յայտնեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները շիիներուն ենթակայ իրաքեան կառավարութիւնը տեղեակ պահած են Իրանի գործունէութեան մասին, եւ իրաքցիք Թեհրանէն պահանջած են վերջ դնել այդ գործունէութեան։
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երկուշաբթի օր հերքեց այս ամբաստանութիւնները եւ աւելցուց, թէ ամբողջ աշխարհը գիտէ, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէս անհիմն տեղեկութիւններով կը փորձէ այլ երկիրներ վարկաբեկել, բերելով Իրաքի վրայ յարձակումէն առաջ արգիլեալ զէնքերու օրինակը:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Թեհրան պիտի չհրաժարի իւրանիոմի հարստացման ծրագիրէն, բայց պատրաստ է բանակցելու իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերող հարցերուն շուրջ: