ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ Անխէլ Մորաթինոս Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է, որ «եկած է ժամանակը երկխօսութիւն վարելու ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման նոր ձեւաչափ գտնելու շուրջ»:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շարունակեց ըսելով. «Ես Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ անոնց ըսի, որ ժամանակն է առաջադրելու նոր նախաձեռնութիւններ, քանի որ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերը չեն գոհացներ երկու կողմերը»: