ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը խորհրդարանական նիստ մը պահանջեց՝ քննելու համար լրատուամիջոցներուն հանդէպ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեցուածքները:
Ըստ ընդդիմադիր կուսակցութեան, իշխող կուսակցութիւնը թրքական լրատուամիջոցներուն նկատմամբ «սանձումի քաղաքականութիւն» կը վարէ։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն Անգարայի երեսփոխան, նախկին լրագրող Եըլմազ Աթէշ իր կուսակցութենէն այլ երեսփոխաններու հետ խորհրդարանին գրաւոր հարց մը ներկայացուց։ Նամակին մէջ անոնք յայտնեցին, որ թերթերու տնօրէններ եւ լրագրողներ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ սանձումի կ՚ենթարկուին։
«Վարչապետին կողմէ չսիրուած յօդուածագիրները գործէ կ՚արձակուին։ Վարչապետը միայն այսքանով չի բաւարարուիր, այլ նաեւ տարբեր կարծիք արտայայտող յօդուածագիրներուն կը սպառնայ, անոնց թելադրելով երկրէն հեռանալ», նշեցին անոնք։
Նամակը կ՚եզրակացնէ, որ «հարցը խորհրդարանական նիստի ընթացքին պէտք է քննարկուի, որպէսզի մամլոյ ազատութիւնը, մամուլով զբաղողները եւ ժողովրդավարութիւնը յաւելեալ վնասներ չկրեն»։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Քեմալ Քըլընճտարօղլու եւ Աթէշ նաեւ խորհրդարանին մէջ այս հարցին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին։
Յայտնենք, թէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի լրագրող Պեքիր Ճոշքունի քանի մը յօդուածները վերջերս անոր եւ վարչապետ Էրտողանի միջեւ բուռն բանավէճ մը յառաջացուցած են։ Նախքան Ապտալլա Կիւլի նախագահ ընտրութիւնը, Ճոշքուն, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բուռն քննադատող մըն է, գրած էր, թէ Ապտալլա Կիւլի նախագահ ընտրութեան պարագային զայն իր նախագահը պիտի չնկատէ:
Ի պատասխան Ճոշքունի խօսքերուն, վարչապետ Էրտողան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Ճոշքուն երկրին օրինական ղեկավարը պիտի չճանչնայ, «պէտք է հրաժարի թրքական քաղաքացիութենէն եւ նոր տուն մը փնտռէ»։