Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոս Ուիլսըն յայտնեց, որ նախագահ Ճորճ Պուշ պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի ձախողի Քոնկրէսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին քննարկումն ու վաւերացումը։
Ան թրքական «Սապահ» օրաթերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ յիշեալ օրինագիծը Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն օրակարգային ամէնէն կարեւոր խնդիրն է։ «Այս պահուն Ուաշինկթըն չի կրնար Թուրքիոյ խոստանալ, որ այդ բանաձեւը պիտի չընդունուի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ըլլայ։ Սակայն նախագահ Պուշ պիտի ընդդիմանայ այդ բանաձեւին, ինչպէս ժամանակին վարուեցաւ նախագահ Քլինթըն», ըսաւ Ուիլսըն։