ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրագրող Րաֆֆի Արաքս վերջերս հարցազրոյց մը կատարած է թուրք ձախակողմեան երեսփոխան Ուֆուք Ուրասի հետ, ուր ան յայտարարած է, թէ ահաւոր սպանդ մը կատարուած է հայերու դէմ եւ Թուրքիա պէտք է ընդունի այս ոճիրը:
Թուրք երեսփոխանը «Ըստ ձեզի ի՞նչ կը ներկայացնէ 1915 թուականը ձեզի համար» հարցումին պատասխանած է ըսելով. «Շատ բացայայտ են 1915ի սպանդին ու մեծ աղէտին թողած ցաւերը։ Հիմա ըստ իս կարեւորը այս մեծ աղէտին ինչ անուն տալու հարցը չէ, ցեղասպանութիւն, էթնիք մաքրագործում, եւայլն, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ ահաւոր սպանդ մը կատարուած է, ու ասիկա անուրանալի է։ Այս աղէտին գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատականներու կառավարութիւնն էր։ Մենք, որպէս Թուրքիոյ հանրապետութեան հայրենակիցներ, ինչո՞ւ պիտի պաշտպանենք իթթիհատականներու կողմէ մեր գլխուն փաթթուած այս քաղաքականութիւնը։ Օսմանցիները պիտի մերժէք, բայց պիտի պաշտպանէ՞ք անոնց այն մտայնութիւնը, որ հիմա ձեզ կը ստիպէ, որ ծանր հաշուեցուցակներ վճարէք։ Պէտք է երես առ երեսի գալ պատմութեան հետ, վէրքերը բուժել, մեր աչքին լոյսը նկատել մեր հայ հայրենակիցները, պաշտպանել զանոնք, դրական զատորոշում ընել, դիւրութիւն ընծայել ապրանքի ու կալուածի հարցերուն, զարգացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, վերադարձնել հիներէն բռնագրաւուած ապրանքները։
«Այս բոլորին հակառակը ընել՝ տրամաբանական չէ։ Եթէ մերժէք պատմութեան հետ երես առ երեսի գալ, այն ատեն աներես կը դառնաք։ Ես Սեբաստիոյ Տիւրիկ գաւառակէն եկած եմ ու արդէն մեծ հայրերէս լսած էի, թէ ինչեր պատահած էին։ Պաշտօնական պատմութիւնը որքան ալ ստէ, չի կրնար մարդիկը համոզել։
«Եթէ մեծ աղէտի մը վէրքերը այսօր իսկ կը շարունակեն արիւնիլ, ընելիք միակ բանն է ինքզինք դիմացինին տեղ դնել ու անոր վէրքերը դարմանել։ Տեսանք, որ որեւէ տեղ հասնիլ կարելի չէ ուրացումի քաղաքականութեամբ։ Մենք Հայաստանի մէջ ալ մեզի նման մտածողներ փնտռեցինք, բայց իրարմէ այնպէս մը փրթեր ենք, որ չկրցանք գտնել մեր համախոհները։ Մենք, որպէս ընդդիմադիր ձախակողմեաններ, պէտք է գտնենք զիրար»։