Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութիւն տեղակայելու առաջարկը կը մնայ արդիական: Անիկա կրնայ տեղակայուիլ, եթէ Երեւան շահագրգռուած ըլլայ անորմով: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց այս մասին՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքերը «Ռաշա 24» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Այն փաստը, որ ՀԱՊԿն այս դժուար իրավիճակին մէջ պատրաստեց (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին) խաղաղապահ գործողութեան տեղակայման ծրագիր, կը կարծեմ, շատ կարեւոր ձեռքբերում էր: Այս առաջարկը տակաւին սեղանին է: Իսկ եթէ Հայաստանի մեր դաշնակիցները, ընկերները նախկինին պէս հետաքրքրուած ան անորմով, այս առաքելութիւնը կրնայ տեղակայուիլ ընդամէնը մէկ-երկու օրուան ընթացքին», ըսաւ Լաւրով: