ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Լիլլիքաս Թուրքիան նկարագրեց իբրեւ «շրջանին մէջ ապակայունութեան լուրջ աղբիւր մը»՝ զգուշացնելով, որ Եւրոպական միութեան անդամակցելու անոր փորձերը կրնան վտանգուիլ, եթէ ան իր կեցուածքը չփոխէ։ Ան միաժամանակ ողջունեց եւրոպական կառոյցներուն մէջ ներառուելու աշխատանքներուն մէջ Կիպրոսի արձանագրած յաջողութիւնները:
Պատասխանելով Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի այս յայտարարութեան, թէ Կիպրոսի յունական բաժինը ապակայունացնող գործօն մըն է շրջանին մէջ, եւ թէ Նիկոսիոյ կառավարութիւնը չի ներկայացներ ամբողջ կղզին, նախարարը ըսաւ. «Կիպրոսի հանրապետութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած է եւ կը մասնակցի համաշխարհային կազմակերպութիւններու՝ իբրեւ այս կղզիին օրինական պետութիւնը։ Թուրքիան չի տնօրիներ, թէ ո՛վ կամ ի՛նչ կը ներկայացնէ հանրապետութիւնը»։
Լիլլիքաս դիտել տուաւ, թէ Անգարայի կողմէ այդ ձեւի կեցուածքներու դրսեւորումները երկիրը աւելի կը հեռացնեն Եւրոպական միութենէն։
«Թուրքիան ապակայունացնող լուրջ գործօն մըն է մեր շրջանին մէջ, բան մը, որ կ՚արտացոլայ իր վերաբերումին մէջ ո՛չ միայն Կիպրոսի նկատմամբ, այլեւ՝ իր դրացիներուն։ Անիկա միակ երկիրն է, որ քաղաքական լուրջ խնդիրներ ունի իր դրացիներուն հետ», աւելցուց ան։
Այդ վերաբերումը փոփոխութեան չենթարկուելու պարագային, զգուշացուց կիպրացի նախարարը, Թուրքիոյ եւրոպական երազները լուրջ հարցեր կրնան դիմագրաւել եւ կրնան սաստկացնել Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով Անգարայի հասցէին ուղղուած քննադատութիւնները։
Անդրադառնալով գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մեկուսացման վերաբերեալ Թուրքիոյ հեղինակաւոր ազգային ապահովութեան խորհուրդին սպառնալիքներուն՝ Լիլլիքաս նշեց, թէ Թուրքիա երբեք յարգանք չէ ցուցաբերած միջազգային օրէնքին նկատմամբ։ Ընդհակառակն, Թուրքիա իր այս յայտարարութեամբ ՄԱԿին եւ Եւրոպական միութեան կը յիշեցնէ, թէ կը շարունակէ խախտել այդ օրէնքը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ երկիրներու ինքնիշխանութեան իրաւունքը, բան մը, որ միջազգային հանրութիւնը կը հանդուրժէ։
«Այդ մէկը նորութիւն մը չէ Թուրքիոյ համար։ Մենք՝ զոհերը այդ վերաբերումին, հանրապետութեան հիւսիսային բաժինին գրաւման պատճառով, պիտի շարունակենք աշխատիլ վերջ տալու համար այդ բռնագրաւման», եզրակացուց արտաքին գործոց նախարարը։
Եուրոյի տարածքին միանալու հարցին անդրադառնալով, նախարարը բացատրեց, թէ այդ մէկը երկրին «տնտեսական եւ քաղաքական շատ կարեւոր նպատակակէտ մըն է, որ իրագործած ենք։ Եւրոպական միութեան անդամակցութենէն ի վեր այդ մէկը Կիպրոսի հանրապետութեան համար ամէնէն կարեւոր քաղաքական իրագործումն է»։
Ան նշեց, թէ Յունուար 2008ին ակնկալուած եուրոյի որդեգրումը դրական շատ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն տնտեսութեան վրայ, այլ նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: