ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Մաքուր ջուրի ցանցերու չգոյութիւնը պատճառն է տարեկան երկու միլիոն երեխայի, այսինքն՝ օրական հինգ հազար երեխայի մահուան, յայտարարեց ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրը։
«Չուրի ցանցերու չգոյութիւնը քաղաքավար ձեւ մըն է ըսելու, թէ մարդիկ իրենց ըմպելու, ճաշ եփելու եւ լուալու ջուրը կ՚առնեն գետերէ, լիճերէ, ջրանցքներէ եւ ճահիճներէ, որոնք ապականած են մարդոց եւ անասուններու արտաքսումներով», բացատրեց տեղեկագիրի պատրաստութեան գլխաւոր պատասխանատու Քեւըն Ուաթքինկզ։ Ան յայտնեց, որ տարեկան երկու միլիոն երեխայի մահուան երկրորդ գլխաւոր պատճառն է պարզ, հասարակ փորհարութիւնը, որ կը յառաջանայ ապականած ջուրի մանրէներէ։
«Հարուստ երկիրներու մէջ ամէն օր կաթկթող ծորակներուն պատճառով կորսուած ջուրի քանակը շատ աւելի մեծ է, քան՝ նոյն օրը աշխարհի այլ շրջաններու մէջ մէկ միլիառ մարդու տրամադրուածը», դիտել կը տրուի տեղեկագրին մէջ։