ԵՐԵՒԱՆ.- Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա «Ազատութիւն» կայանի ռուսական բաժինին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը անհաւանական չէ, հաղորդեց Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռը:
Պրայզա ըսաւ. «Անցեալին Լեռնային Ղարաբաղը մասնակցած է խօսակցութիւններուն եւ ապագային իր մասնակցութիւնը անհաւանական չէ»:
Պրայզա անգամ մը եւս մէջտեղ նետեց հանրաքուէի հարցը եւ ըսաւ, թէ անցնող երկու տարիներու բանակցութիւններուն քննարկուած սկզբունքներէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը հանրաքուէով լուծելու կէտն է:
Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, «անցնող երկու տարիներուն մենք բանակցութիւններ կը վարէինք Մինսքի խումբի մշակած սկզբունքերու հիման վրայ: Այս սկզբունքները պիտի թոյլատրեն վերջնականապէս ճշդելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը համընդհանուր հանրաքուէով, որ կը նախատեսուի կայացնել այլ կարեւոր հարցերու լուծումի լոյսին տակ, ինչպէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ գօտիին մէջ հայկական ուժերու վերադասաւորում եւ միջանցքի ստեղծում Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերու տեղադրում շրջանէն ներս: Անկարելի է նախատեսել, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ինչպէս պիտի քուէարկէ: Կրնամ ըսել, թէ կողմերը մօտ են համաձայնութեան մը եւ յոյս ունինք, որ գործընթացը պիտի սկսի յառաջիկայ աշնան»:
Մէթիու Պրայզա չյստակացուց, թէ իր բնորոշումով «համընդհանուր» (nationwide) հանրաքուէն պետական ի՞նչ միաւորներ կ’ընդգրկէ: