ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպիտակ տունը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակման համար կը պնդէ Ռիչըրտ Հոկլընտի թեկնածութիւնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ռուտոլֆ Փերինա եւ նշեց, որ այդ հարցի շուրջ իր դիրքորոշումը պէտք է յայտնէ ԱՄՆի Ծերակոյտը:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Նիւ Ճըրզիէն ընտրուած Ռապերթ Մենենտեզի ջանքերով, արդէն երկու անգամ արգելակած է Ռ. Հոկլընտի թեկնածութիւնը այս պաշտօնին: