ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստան հաստատուած եւ ՆԱԹՕի հրամանատարութեան ներքեւ գործող խաղաղապահ ուժին աղբիւրները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին հաղորդեցին, թէ վերջին երկու օրերուն հարաւային Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներու ընթացքին սպաննուած են «Թալեպան»ի անդամ 38 զինեալներ եւ կարելի եղած է գրաւել 9 թոն հաշիշ:
Հարաւային Աֆղանիստանի մէջ Սեպտեմբերին սկսած ՆԱԹՕի զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին ցարդ աւելի քան 500 հոգի սպաննուած է:
Նկարին մէջ, ՆԱԹՕի զինուորներ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ: