ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ալեքսանդր Թամանեանի թանգարանին մէջ Դեկտեմբեր 14ին կատարուեցաւ «Թամանեանի ժառանգութիւնը» խորագիրով լուսանկարչական մրցոյթի բացումը: Նոյն օրը հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին թանգարանի տնօրէն Հայկ Թամանեան նշեց, որ մրցոյթի նպատակը թամանեանական դպրոցի ճարտարապետներու ստեղծած կառոյցներու գեղարուեստական արժէքը լուսաբանելը, հայկական մշակոյթին մէջ անոնց տեղը եւ դերը որոշելն է:
Մրցոյթը ունի չորս փուլեր՝ տարուան եղանակներու համապատասխան, եւ կը կոչուի անոնց անուններով: Այն ամբողջութեամբ պիտի ամփոփուի Դեկտեմբերի աւարտին: Անուանակարգերը երկուքն են՝ «Ճարտարապետական կառոյց» (ճակատ, ներսոյթ, մանրամասն, տեսարան, դրուագ) եւ «Մարդը ճարտարապետական միջավայրում»: Լուսանկարները կ’ընդունուին թղթային եւ համացանցային տարբերակներով, որոնք պիտի գնահատուին առանձին-առանձին: Մասնակիցները մրցոյթին պէտք է ներկայացնեն առանձին լուսանկարներ եւ միեւնոյն գաղափարով միաւորուած շարքեր, ուր պատկերուած ըլլան Թամանեանի կամ իր ստեղծագործական հետեւորդներու կառոյցները եւ համակառոյցները, անոնց ճարտարապետական մանրամասները, քաղաքաշինական միջավայրերը եւ ճարտարապետական բնապատկերները:
Մրցոյթի կազմակերպիչներու խօսքով, կ’ընդունուին միայն իրատեսական աշխատանքներ՝ ցանկացած գունայնութեան: Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Ս. Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան: Սահմանուած են առաջին, երկրորդ, երրորդ տեղերու մրցանակներ տպագիր (թղթային) եւ համացանցային տարբերակներու երկու անուանակարգերով, կան նաեւ խրախուսական մրցանակներ եւ պատուոգրեր:
Մ. Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեանի խօսքով, սա եւս հասարակութեան դիմելու միջոց է՝ պահպանելու հայկական աւանդական ճարտարապետական շինութիւնները, մայրաքաղաքը զարդարող բազմաթիւ թամանեանական շէնքերը եւ կառոյցները, որոնք այսօր անուշադրութեան մատնուած են եւ կամ ալ կամակայականօրէն կը վերափոխուին անդէմ ու անփոյթ շինութիւններու: «Սա էլ պայքարի ձեւ է յօգուտ հայկական ճարատապետական կառոյցների պահպանման», ըսաւ ան՝ կոչ ուղղելով հասարակութեան եւս ներգրաւուիլ այդ պայքարին մէջ, որի շնորհիւ հնարաւոր ըլլայ կանգնեցնել օտարամոլութեան արմատացումը ու սրտցաւ վերաբերմունք դրսեւորել աւանդական մշակոյթին:
Հ. Թամանեան, Ռ. Սարեան, ճարտարապետ, նկարիչ Ռուբէն Թարումեան, գրականագէտ Աւիկ Իսահակեան եւ բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեան կոչ ուղղեցին կանխել արեւելամէտ եւ արեւմտամէտ շինութիւններու եւ կցակառոյցներու յաւելումը Հայաստանի մէջ: