ՊԸՐՊԵՆՔ.- Քալիֆորնիայէն տոքթ. Նշան Թապիպեան եւ անոր զաւակը՝ տոքթ. Յակոբ Թապիպեան հաստատեցին մէկ միլիոն տոլար գումարով հիմնադրամ մը՝ կրթանպաստներ տրամադրելու համար տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մէջ մասնագիտացող Հայաստանի ուսանողներուն։
Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզին ապագայ զարգացումը ապահովելու նպատակով առնուած այս քայլը պիտի իրականանայ համագործակցութեամբ Հայաստանի համալսարաններուն հետ, որոնք ամէն գարնան թեկնածուներու ցանկ մը պիտի ներկայացնեն նորահաստատ «Թապիպեան ընտանիքի հիմնադրամ»ին։ Թապիպեաններու տնօրինումով, «Վարդանի Ասպետներ»էն յատուկ յանձնախումբ մը պիտի որոշէ կրթանպաստ ստացողներու անունները՝ անոնց նիշերուն եւ նիւթական կարիքներուն վրայ հիմնուած։ Նաեւ պայման է, որ կրթանպաստ ստացողները խոստանան շրջանաւարտ դառնալէ ետք Հայաստանի մէջ աշխատիլ առնուազն հինգ տարի։