Հ.Յ.Դ. »Յոնան Դաւթեան« (Իրան) եւ »Նիկոլ Աղբալեան« (Հայաստան) ուսանողական միութիւններու համատեղ աշխատանքով, Սեպտեմբեր 22ին Երեւանի պետական համալսարանի, Սեպտեմբեր 26ին համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղին, իսկ Սեպտեմբեր 27ին Հայաստանի պետական ճարտարապետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ »Թաքուն հայերը Թուրքիայում« խորագրով խորհրդաժողով։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց »Նիկոլ Աղբալեան« ուսանողական
միութեան վարչութեան անդամ Վահէ Սարգսեան, որ անդրադարձաւ թրքահայութեան ազգային զարթօնքին։
Վերոյիշեալ նիւթի մասին ուսումնասիրութիւն կատարած էին »Յոնան Դաւթեան« ուսանողական միութեան խումբ մը անդամներ: Զեկուցաբերներ Լալա Երումեան ու Լուսինէ Մարգարեան ներկայացուցին Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան ներկայ վիճակը։ Զուգահեռաբար, Նարեկ Գալստեան ու Կոմիտաս Խոսրովեան ցուցադրեցին լուսանկարներ ու տեսաերիզներ։
Ըստ զեկուցաբերներուն, իսլամացած հայութիւնը հիմնականին մէջ բաղկացած է պոնտահայ եւ համշէնահայ տոհմական խմբերէ, որոնք հաստատուած են Սեւ ծովը եզերող շրջաններուն մէջ: »Թաքուն« հայութիւնը բռնի կերպով եւ իր ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու հարկադրանքի տակ իսլամացած է եւ կը բնակի բազմաթիւ քրտաբնակ եւ թրքաբնակ գիւղերու մէջ։ Աւարտին առիթ տրուեցաւ միտքերու փոխանակման։