«Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, որ Իսֆահանի մէջ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին պատասխանատուն Թել Աւիւն է», յայտնեց ՄԱԿի մօտ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի:
Ան յիշեցուց, որ Իրանի կենսական ենթակառոյցները թիրախ դարձնելը «միջազգային օրէնքի խախտում» է եւ աւելցուց՝ ըսելով. «Սիոնական գոյացութիւնը պէտք է հաշուետուութեան կանչուի Իրանի դէմ իր գործած բոլոր ոճրային ու ահաբեկչական արարքներուն համար: Թեհրան ինքն իրեն կը վերապահէ իր ազգային ապահովութիւնը պաշտպանելու եւ անհրաժեշտ նկատած վայրին մէջ եւ ժամանակին այդ գոյացութեան կողմէ որեւէ սպառնալիքի եւ արարքի վճռականօրէն հակադարձելու օրինական ու սկզբունքային իրաւունքը»:
Իրուանի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց՝ տէր կանգնելու իր պարտաւորութիւններուն եւ դատապարտելու իսրայէլացի պաշտօնատարներու պատերազմի կոչ ուղղող յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլէն պահանջելու յարգել միջազգային օրէնքները եւ վերջ տալ շրջանին մէջ իր վտանգաւոր ծրագիրին ու խափանարարական գործողութիւններուն:
Իրուանի նաեւ բողոք ներկայացուց Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդականին` Իսֆահանի ահաբեկչական յարձակումը ողջունելուն դէմ: Ան Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց դատապարտել այդ յայտարարութիւնը: