27 Յունուարի առաւօտեան, Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուեցաւ զինեալ յարձակում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու դեսպանատան պաշտպանութեան պատասխանատուն։
«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թեհրանի ոստիկանապետ զօր. Ռահիմիի դիտել տուաւ, թէ յարձակումին հեղինակը Ուրբաթ առաւօտեան զէնքով ներխուժեց Ատրպէյճանի դեսպանատունը, երբ դեսպանատան աշխատակիցներէն մէկը շէնքը կը մտնէր. ան սպաննեց մէկ անձ եւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ։
Ոստիկանութեան արագ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ յարձակողը անմիջապէս ձերբակալուեցաւ, եւ սկսաւ հետաքննութիւն։
Թեհրանի ոստիկանապետը աւելցուց, որ յարձակումին հեղինակը դեսպանատուն մտաւ իր երկու անչափահաս զաւակներուն հետ։ Ըստ անոր՝ նախնաքննութիւնը ցոյց կու տայ, որ յարձակողին շարժառիթը եղած են անձնական եւ ընտանեկան հարցերը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջադէպը ահաբեկչութիւն նկատեց եւ պահանջեց սեղմ ժամկէտներու մէջ գտնել մեղաւորները եւ պատասխանաուութեան ենթարկել զանոնք՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու վրայ ահաբեկչական յարձակումներ անընդունելի նկատելով։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեանբ բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտնեց, որ իրենք չենք հաւատար, թէ դեսպանատան վրայ յարձակումը կատարուած է անձնական կամ ընտանեկան շարժառիթով։ «Մենք կը դատապարտենք այս յարձակումը եւ Իրանի կառավարութենէն կը պահանջենք անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու՝ սադրիչները բացայայտելու համար։ Իրանեան կողմը պէտք է քայլերու ձեռնարկեր մեր դեսպանատան վրայ յարձակումին դէմ», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Թեհրան պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ Իրանի մէջ հակաատրպէյճանական արշաւին դէմ։ Վերջին ամիսներուն իրանեան լրատուամիջոցներու մէջ հակաատրպէյճանական լայնածաւալ քարոզչութիւն ծաւալեցաւ, ինչ որ խթան հանդիսացաւ յարձակումին։ Ատրպէյճան միշտ եղած է Իրանի հետ բարի դրացիութեան կողմնակից, սակայն նման սադրանքներ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան։ Յարձակումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ իրանեան կողմը։ Աշխատանք կը տարուի դեսպանատան ապահովութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, կը ծրագրուի Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցները տարհանելու»։