ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Թիւֆէնքեան» բարեսիրական հիմնադրամը Արցախի մէջ 2002էն ի վեր վարկեր կու տայ՝ աջակցելով ԼՂՀ ընկերային-տնտեսական զարգացումին:
Ըստ ԼՂՀ մասնաճիւղի փոխտնօրէն, գործարար ծրագիրներու ղեկավար Էտուարտ Գրիգորեանի, հիմնադրամը փոքր գործարար ծրագիրներ կ’իրագործէ վերաբնակեցուած շրջաններու գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ՝ վարկեր տրամադրելով ագարակային տնտեսութիւններուն: Այժմ Քաշաթաղի շրջանին մէջ վարկեր կը տրուին անասնաբուծութեան եւ սննդամթերքի արտադրութեան եւ մշակման համար:
Հիմնադրամը նաեւ խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ մանր եւ միջին հաստատութիւններուն՝ տեղական արտադրութիւնը խթանելու եւ արտածելու նպատակով: «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը նպատակ ունի նաեւ գտնել գործընկերներ արտասահմանէն, որոնք հետաքրքրուին տեղական արտադրութեամբ: