ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրացի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը անցնող շաբաթավերջին յայտնեց, որ վրացական ուժերը կրակ բացած են ռուսական օդանաւի մը ուղղութեամբ, երբ վերջինս խախտած է Վրաստանի օդային սահմանները։ Կասկածներ կան, որ օդանաւը ջախջախուած է:
Ռուսիա հերքեց լուրը եւ ռուսական օդուժէն բանբեր մը զայն «մեզի դէմ ուղղուած նորագոյն գրգռութիւնը» կոչեց։
Վրացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ այս դէպքին մասին նախապէս յայտարարութիւն չէր կատարուած, որովհետեւ տեղեկութիւնները կը քննէին։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ռուսական օդանաւեր այդ օրուան ընթացքին այդ շրջանին վերեւ թռիչքներ չեն կատարած։ Վրացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ այն վայրը, ուր օդանաւը ջախջախուած կրնայ ըլլալ, կը գտնուի վրացական վերահսկողութեան տակ գտնուող Վերին Աբխազիոյ մէջ, որ սակայն շատ դժուար հասանելի վայր մըն է։
Վրացական իշխանութիւնները Վերին Աբխազիա կը կոչեն ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Քոտորի կիրճը: Շրջանը մաս կը կազմէ Աբխազիոյ հանրապետութեան, որուն վրայ Վրաստան միայն մասնակի հակակշիռ ունի։
Ըստ երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան՝ շրջանին մէջ վրացական ուժեր եւ ծանր զէնքեր կարելի չէ զետեղել։ Բայց եւ այնպէս, Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը կրնան շրջանին մէջ գործել։
Նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները 2006 թուականին լրտեսութեան վերաբերեալ բանավէճէ մը ետք աւելի եւս վատթարացած են։
Վրաստան այս ամսուան ընթացքին երկու առիթներով յայտնած էր, որ ռուսական օդանաւեր բռնաբարած էին իր օդային սահմանները։ Վրաստան նաեւ նշած էր, որ ռուսական օդանաւ մը հրթիռ մը արձակած է, որ չէր պայթած։ Ռուսիա կտրուկ կերպով հերքած էր այդ ամբաստանութիւնները եւս։