ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի «Ամպասատոր» պանդոկին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հարաւային Կովկասի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան հարցերուն նուիրուած երկօրեայ հանդիպումին, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան:
Այս մասին հաղորդեց Վրաստանի մէջ ԵԱՀԿի ներկայացուցչութիւնը:
Հանդիպման կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան նախարարներն ու փոխնախարարները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին բացումը կատարեց Վրաստանի մէջ ԵԱՀԿի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Ռոյ Ռիվ:
Հայաստան միշտ համամիտ գտնուած է շրջանային գործակցութեան ու այդ մէկը Արցախի հարցով չպայմանաւորելու գաղափարին, սակայն Ատրպէյճան միշտ ալ ընդդիմացած է: Այս առաջին անգամն է, որ շրջանային երեք պետութիւնները կը գործակցին կենսոլորտային ու անոր ապահովութեան առնչուող հարցերու շուրջ: