Յարգելի պարոն թղթակից: Սոյն նամակը կը ղրկենք ձեզի շողարձակ քամիով:
Կ՚իմանանք, որ տարի մըն է հայ ազգի մահացող զաւակները խօսիլ տալով կը զբաղիք: Նախ շնորհակալ ենք ձերդ ազնուութեան, որ նկատի կ’առնէք մեզ մեր մահանալէն յետոյ: Միայն ուզեցինք հասկնալ, թէ ձեր թղթակցութիւնները ի՞նչ հիմունքի վրայ յենած կը գրէք: Ողբացեալին մեծութի՞ւնը, հասա՞կը, ծանրութի՞ւնը, ծննդեան կամ մահուան թուակա՞նը, դիզած կամ ծախսած հարստութի՞ւնը, ազգային կամ միջազգային գործունէութի՞ւնը, դրախտի կամ դժոխքի բնակիչ ըլլալու հանգամա՞նքը, թէ՝ իրենց ազգանուններուն այբ բեն գիմի շարքը նկատի ունիք:
Այս շողարձակ քամիով նամակին տուն տուող պատճառը՝ չտեսնուած ցոյց մը տեղի ունեցաւ անցեալ ամիս հոս՝ մեր աշխարհին մէջ: Տիեզերքը այսպիսի բազմութիւն չէր տեսած: Ցուցարարները պաստառներ վերցուցած կը պոռային: «Անարդար են աշխարհի վրայ ապրող բնակիչները»: «Իրենք իրենց քիթին ծայրը կը տեսնեն միայն»: «Մենք իրենց արմատներն ենք»: «Եթէ մենք չըլլայինք, իրենք չէին ծներ»: «Ինքնահաւան ապրողներ էք դուք, երկրի բնակիչներ»: «Մի յոխորտաք մեր վրայ»: «Վերջ ի վերջոյ ձեր վերջին հանգրուանը մեզի հետ ըլլալ է»: Եւայլն, եւայլն:
Ցուցարարներուն մէջ կը տեսնուէին Հայկ Նահապետ, Արամ Նահապետ, Արա Գեղեցիկ, Մեծն Տիգրան, իշխաններ, մարզպետներ, նախարարներ, կաթողիկոսներ, եպիսկոպոսներ եւ բազմաթիւ իշխող կղերականներ. նշմարելի էր ազնուական դասակարգը, միջակ քաղաքացին, մինչեւ անգամ բանուորներ: Գրողներ, երաժիշտներ, աստղագէտներ, արուեստագէտներ, նոյնիսկ խուլեր եւ համրեր բացագանչելով կը տողանցէին ամբոխին մէջ:
Հազիւ ամբոխը հանդարտեցաւ, ընդհանուր ժողով մը տեղի ունեցաւ եւ բաց քուէներով՝ ձեռամբարձ, դիւան մը ընտրուեցաւ: Այդ դիւանին անդամները առաջին անգամ ըլլալով անցեալ շաբաթ ժողով մը գումարեցին Օշական գիւղին մէջ: Ժողովին նախագահն էր հայոց թագաւոր Վռամշապուհ արքան: Ատենապետն էր Ամենայն հայոց Սահակ կաթողիկոսը: Ատենադպիրը՝ հայ ազգի առաջին ուսուցիչը՝ գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց: Քարտուղարները՝ Եզնիկ Կողբացի, Յովսէփ Պաղնացի, Կորիւն Սքանչելի եւ Ղեւոնդ Երէց:
Շողարձակ քամիով նամակին բովանդակութիւնը:
«Զհրամանաւ Վռամշապուհ արքայի, կոչել առ ինքն զոմանս ի գլխաւորաց իշխանացն, առ ի գիտել զպատճառն այնպիսւոյ աղմկին»:
Ներողութիւն պարոն թղթակից, վայրկեան մը շուարեցայ, կարծեցի, թէ սեպագիր կամ գրաբար գիտես: Ուրեմն թարգմանեմ իմ հայերէնս քու հայերէնիդ:
«Վռամշապուհ Արքան այս հրամանը տուաւ, գլխաւոր երեւելի իշխաններէն քանի մը հոգի իր մօտ կանչելով, որպէսզի այդ աղմուկին պատճառն իմանայ: Եւ ժողովի նիւթ դարձուց անոնց 10 տեսակ գանգատները, ուղարկելու համար վարը՝ ձեր աշխարհը շողարձակ քամիով:
Գանգատ 1.- Մենք դրախտի բնակիչներս զայրացած ենք, որովհետեւ մոռցուած ենք:
Գանգատ 2.- Մենք հոս մեր մէջ ունինք այնպիսի անհատներ, որոնք կրնան ոչ միայն հայ ժողովուրդին պարծանքը դառնալ, այլեւ ամբողջ մարդկութեան:
Գանգատ 3.- Մենք զօրավարներ ունինք, որ հայութիւնը փրկած են:
Գանգատ 4.- Մենք նախարարներ ունինք, որոնք անհամաձայն ըլլալով հանդերձ խելացի են:
Գանգատ 5.- Մենք չենք ուզեր, որ մեր թոռներուն կողմէ մոռցուինք, նոյնիսկ եթէ հայերէն չեն գիտեր, թող իրենց գիտցած լեզուով խօսին մեր մասին: Արդէն ձեր մօտ հայերէն չխօսիլը մոտա է:
Գանգատ 6.- Անյապաղ մենք կ՚ուզենք Հայաստանի ընդլայնումը եւ բարգաւաճումը:
Գանգատ 7.- Ամէնքս ալ բարի մարդիկ ենք, ընտրեալները խօսեցուցէ՛ք մէկ առ մէկ եւ տեսէ՛ք:
Գանգատ 8.- Պարոն թղթակից, եթէ օր մըն ալ դուն մեռնիս, գիտցած եղիր, որ կը մեռցնենք քեզ:
Գանգատ 9.- Հոս Արշակաւան չունինք:
Գանգատ 10.- Մենք հիմա անհամբեր ձեր թղթակցութիւններուն կը սպասենք»: