Ես ԱՐԱ ԳԵՂԵՑԻԿՆ եմ: Մենուայի որդին՝ Արան, հզօր թագաւորը, մեծ թագաւորը: Վանայ երկրի թագաւորը, Տոսպի տիրակալը: Հայկը հզօր է, Հայկի Աստուծոյ զօրքը հզօր: Հայկի Աստուծոյ մեծութեամբ ես արշաւեցի ու իմ երկրէս ետ շպրտեցի թշնամի ասորեստանցիները: Ոմանք զիս կը ճանչնան նաեւ Արգիշտի անունով:
Իշխած եմ 2795էն առաջ, ըստ սովորութեան, իմ մասիս շատ առասպելներ հիւսուած են ժողովուրդին կողմէ: Հօրս գործերն ու քաջագործութիւններէն շատեր վերագրուած են ինծի: Կը գովեն քաջութիւնս, բայց կ՚այպանեն սիրային կեանքս:
Հայրս՝ Մենուան, Մեծ Հայքի շրջանները միաւորեց, համոզեց բազմաթիւ գաւառներու իշխաններ, վերջապէս հիմնեց Վանի Արարատեան թագաւորութիւնը:
Սասունի մէջ հայրս stress ունեցաւ, մտահոգ էր իշխաններու անհամաձայն վիճակէն, հիւանդացաւ: Յաջորդեցի իրեն:
Հօրս նման իմ ալ մտահոգութիւնս հայոց անջատ իշխանութիւններուն մէջ համաձայնութիւն մը գոյացնել էր, եւ առաջին անգամ ըլլալով Մեծ Հայքի ամբողջական թագաւորութիւն մը ստեղծեցի, 300 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ:
Ես աւելի բիրտ կը վարուէի այն իշխաններուն եւ կառավարիչներուն հետ, որոնք կը փորձէին դուրս գալ կեդրոնական պետութեան կազմէն կամ կը դաշնակցէին հակառակորդին հետ: Տեղացի հայ առաջնորդները հնազանդեցնելու նպատակով հայ բնակչութիւնը կը տեղափոխէի Մեծ Հայքի մէկ մասէն միւսը:
Պարոն թղթակից, հետեւեալը փորագրել տուած եմ Վանի մօտ գտնուող Խորխորեան ժայռին վրայ. «Հայկի Աստուծոյ հրամանով Արգիշտին, Մենուայի որդին կ’ըսէ: Ես կառուցեցի Երեւան քաղաքը Վանայ երկրի հզօրութիւնը եւ անհնազանդ երկրամասը սաստելու համար: Այստեղ ես հզօր գործ մը կատարեցի՝ Խաթէ եւ Ծոփք երկրամասերէն վեց հազար վեց հարիւր մարտիկներ բերի ու այստեղ բնակեցուցի»: Ուրիշ արձանագրութիւններ ալ կան հոն:
Ձեր հիմակուան մայրաքաղաքին՝ Երեւան-Էրեբունիին, որ ես կառուցած եմ 2789 առաջ, անունն էր Երեբան, որ կը նշանակէ հեռուէն երեւցող. վարչական գործերու կեդրոնը դարձուցի, որպէսզի բարձունքի վրայէն հեռուէն դիտէր ու հսկէր Արարատեան դաշտը եւ շրջակայ գաւառները:
Թերեւս այս պատճառով է, որ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ մնացի, եւ աստուածացուցին զիս, ինչպէս Հայկը ու Արամը:
Ես, ճիշդ է, շատ մը պատերազմներ մղած ու յաղթանակներ տարած եմ Ասորեստանի դէմ, որոնց համար հպարտ եմ, բայց վերջին պատերազմին Շամիրամ իր տղուն՝ Ադադներար Երրորդի զօրքին հետ եկած էր ու յաղթեց ինծի:
Շամիրամ իր զօրքին հրահանգած էր՝ «Չըլլա՛յ որ Արա Գեղեցիկը սպաննէք, ես զինք ողջ կ՚ուզեմ ունենալ»: Ասորեստանի զօրքը դիակս Շամիրամին քով տարաւ եւ, փոխանակ Արա Գեղեցիկը սպաննեցինք ըսելու, ստեցին, վիրաւորած ենք ըսին. խեղճ պառաւած-թոռոմած Շամիրամը հաւատաց եւ իր յարալէզներուն հրաման տուաւ վէրքերս լիզել, յարալէզները չյաջողեցան վերակենդանացնել զիս:
Ինձմէ յետոյ զաւակս՝ Սարդուր 2րդ եւ թոռնիկս՝ Ռուսա, յաջողեցան թագաւորութիւնս պահել: Ծոռս՝ Ռուսայի որդին, որ իմ անունովս կնքած են Արա Երկրորդ, շատ աւելի լաւ գործեր ըրած է, հմուտ դիւանագէտ եւ խորամանկ քաղաքականութիւն մը վարած է իր թագաւորութեան օրով եւ ամրացուցած սահմանները ընդդէմ Ասորեստանի: Ոչ մէկ պետութիւն համարձակած է յարձակիլ հայոց վրայ:
Հայոց մեծ թագաւոր Արա Երկրորդի հպատակները միշտ եղած են իրեն հաւատարիմ: Նոյնիսկ Ասորեստանի հետ խաղաղութիւնը կը պահպանէր եւ լաւ յարաբերութիւններ ունէր անոնց հետ:
Որքան որ թշնամի լրտեսներ կային իր թագաւորութեան սահմաններուն մէջ, ինք շատ աւելին ունէր թշնամի թագաւորութիւններուն մէջ: Փոխադարձ հետախուզութիւն էր: Երանի Արա Երկրորդի բնաւորութիւնը ժառանգէր հայ ժողովուրդը, փոխանակ Հայկի, Արամի ու իմ յարձակողական ու երկրէ երկիր գաղթելու սովորութիւնները ունենալու:
Պարոն թղթակից, կը կարծեմ, որ Արա Երկրորդ թագաւորէն ետք մենք ունեցած ենք շատ մը թագաւորներ եւ հարստութիւններ, Հայոց Երուանդունիները, Արտաշիսեան Տուն, Արտաշէս թագաւոր, որուն օրով ոչ մէկ դրացի երկիր համարձակած է յարձակիլ մեր վրայ, Արտաւազդ թագաւոր, Տիրան թագաւոր, Վաղարշակ թագաւոր, եւայլն: Բայց հաւատա՛ ինծի. ամէնէն արժանաւորը Արա Երկրորդէն ետք ձեր Յիսուսի ծնունդէն շատ տարիներ առաջ ծնած Մեծն Տիգրանն էր:
Գնա՛, փնտռէ՛ Մեծն Տիգրանի ոգին եւ խօսեցուր զինք: