47 էի, տարիքս երբեք ցոյց չէի տար, նոյնիսկ հայրս ու մայրս կը կասկածէին իրական տարիքիս, բարեձեւ, հին երիտասարդ մըն էի, մազերս ներկած օրս տասը տարի ալ պզտիկ կ’երեւէի:
Ընկերս եւ իր կինը յօժարեցան ինծի կնութեան տալ իրենց մէկ հատիկ աղջիկը, աղուորիկ էր, մազերը շիտակ, թոմպուլիկ, այտերը կարմիր, անշպար, ամուսնացանք. հարսնիքին աղջկան հօրը ու մօրը ուրախութիւնը բացառիկ էր: Աղջիկնին շատ յարմար մէկու մը կարգադրած ըլլալու կարծիքն ունէին, հարուստ էի, մէկ հատիկ էի, չունէի քոյրեր-եղբայրներ, ծնողքէս մնացած ժառանգը ինձմէ ետք պիտի մնար իրենց:
Ես ախմախ չեմ, գիտէի այս ամէնը, իրենց աղջկան ինծմէ 28 տարի պզտիկ ըլլալն ալ գիտէի, աչք գոցեցի, կ’ուզէի զաւակներ ունենալ, որ հօրս սերունդը շարունակուէր: Չէի կրնար իմ տարիքին յարմար աղջիկ մը առնել:
Առաջին երեք տարուան մէջ ամէն ինչ մեղր ու կարագ էր մեր միջեւ, ունեցայ մանչ մը եւ աղջիկ մը. մինչեւ երեխաներուն 10-12 տարիքը քիչ թէ շատ տանելի էր մեր կեանքը, խօսակցութիւնները հիմնուած էին զոհողութիւններու վրայ, կռիւ չկար, գլխու շարժում, այո կամ ոչ: Շարունակուեցաւ այսպէս մինչեւ զաւակներուս 16-18 տարեկանը: Բարելաւուած էինք մեր կեանքով ու օթոներով, էրիկ-կնիկ մեր յարաբերութիւնը սկսաւ պաղիլ, տաքցնելու համար անձնապէս շատ քրտնեցայ, անօգուտ, խօսակցութիւնները երկուստեք անպատասխան մնացին եւ կամաց-կամաց նուաղեցան ու չքացան, եղանք լռակեաց:
Տան հեռախօսը անընդհատ կը հնչէր, կը վերցնէի պատասխան չկար, կնոջս վրայ սկսայ կասկածիլ, ամէն անգամ, որ տունէն դուրս կ’ելլէր, մէջս կ’արթննար նախանձը, օթոն կ’առնէր ու կ’երթար, արդեօք ո՞ւր գնաց, որո՞ւ հետ ժամադրուած է, այս մտածումները զիս կը կրծէին այն աստիճան, որ ես ալ սկսայ մատներս կրծել, օր մըն ալ երեկոյեան, օթոս վարելով տուն դարձիս, անհաւատարմութեան մտածումներով տարուած, պատահեցաւ անխուսափելին… փօմ… թռախխ… աքսիտան եւ հիւանդանոց:
Բժիշկները ամէն ջանք թափեցին, որ վիճակս բարելաւեն, քանի մը ժամուան համար յաջողեցան, ապարդիւն, փրկուիլս անկարելի դարձաւ, բժշկապետը յայտարարեց՝ շատ ուշ է:
Պրն. թղթակից, կ’ուզեմ գրես ըսածներս, որ հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ: Չար լեզուներու կարեւորութիւն պէտք չէ տայ մէկը: Ամէն ինչ յստակացաւ մահէս տասը տարիներ ետք, կնոջս վրայ ունեցած կասկածներս փարատեցան, խեղճը եկեղեցի կ’երթայ եղեր, կ’աղօթէ օրական երեք անգամ, հաւատացեալ եղած է, ոչ ժամադրութիւն, ոչ անհաւատարմութիւն եւ ոչ ալ բարձրաձայն խօսիլ, նոյնիսկ հաւատարիմ է ինծի մինչեւ հիմա իր 50 տարեկանին: Հաւատա՛, կասկածամտութիւնս զիս սպաննեց:
Հեռաձայնները կը հնչէին զաւակներուս համար, ոչ կնոջս:
Ժառանգս մնաց ոչ թէ ընկերոջս, այլ՝ զաւակներուս:
ՄԱՍԻՍ